Յունուարի կէսերէն ի վեր Ֆրեզնոյի (Գալիֆորնիա) «Արարատ» հայկական գերեզմանատունը հրձիգի մը թիրախը դարձած է:
Ընդհանուր առմամբ վեց միջադէպի հետեւանքով այրած է 19 հնամեայ ծառ: Դեռ Ուրբաթ, Ապրիլ 12-ի երեկոյեան 8 ծառ եւս հրկիզուած են գեղեցիկ գլխաւոր մուտքի երկայնքին:
Թէ՛ Ֆրեզնոյի ոստիկանութիւնը, եւ թէ հրշէջները կանչուած են Պելմոնթի եւ Հիուճի սեփական տարածք, սակայն ձերբակալուած չկայ:
«Ինչպէս կրնաք երեւակայել, սա ահաւոր վրդովեցուցիչ է իմ գլխաւորած տնօրէններու խորհուրդին, հայ համայնքին, իմ անձնակազմին եւ անձնապէս ինծի համար: Մենք միակ հայկական գերեզմանոցն ենք Հայաստանէն եւ Մերձաւոր Արեւելքէն դուրս. մեր առաքելութիւնն է կարեկցանքով ծառայել հայ ընտանիքներուն՝ անհրաժեշտութեան պարագային, միեւնոյն ատեն վառ պահելով յիշատակը բոլոր անոնց, որոնք կը հանգչին հոս։ Իմ անձնակազմը եւ ես շատ լուրջ կը վերաբերինք այս առաքելութեան եւ անկարելի է գնահատել, թէ սա որքան ցաւալի է մեզի համար”,– յայտարարած է «Արարատ» եւ «Մասիս-Արարատ» հայկական գերեզմանատանուներու գործադիր տնօրէն/կառավարիչ Շերի Մենինկ-Քարթրայթ։
Հրկիզումները կատարուած են գերեզմանոցի ամենահին հատուածին մէջ, որ հիմնադրուած է 1885 թուականին: Կան դարպասներ եւ կամար, որոնք յստակ կը յուշեն, որ վայրը հայկական է: Այս նոր միջադէպը, որ պատահած է Ապրիլի 24-ի ոգեկոչումներու նախօրեակին՝ տեղի կու տայ կասկածանքի, թէ կատարուածը ատելութեան ոճիր մըն է:
Այրած ծառերու վերացման եւ փոխարինման նախահաշիւը կը կազմէ շուրջ 25.000 տոլար: Տնօրէններու խորհուրդը վստահ չէ՝ արդեօք ապահովագրութիւնը պիտի հատուցէ՞ ծախսերը:
Նշենք, թէ Սողոմոն Թեհլիրեանի աճիւնները եւս հողին յանձնուած են այս նոյն՝ «Արարատ» գերեզմանատան մէջ։ Անոր շիրիմին քով, իրեն ի յիշատակ՝ յուշարձան մըն ալ բարձրացուած է։
Հոն կը գտնուի նաեւ Սարոյեանի շիրիմը, նոյնիսկ եթէ անոր կտակին համաձայն՝ իր աճիւնին մէկ մասը փոխադրուած է Երեւան, ուր թաղուած է «Կոմիտաս» պանթէոնին մէջ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։