Search
Close this search box.

ՔԱՆԻ ՄԸ ՏՈՂՈՎ

– «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոնին մէջ, 2022 Սեպտեմբեր 21-ին, զոհուածներու ծնողները բռնութեամբ ձերբակալելու, անոնց ֆիզիքապէս վնաս պատճառելու հարցին շուրջ՝ 1 տարի 2 ամիս տեւած քրէական հետաքննութեան աւարտին որոշում կայացուած է ոստիկաններու նկատմամբ քրէական հետապնդում չյարուցել՝ անոնց գործողութիւններուն մէջ յանցանքի բացակայութեան հիմքով։ Լուրը հաղորդած է տուժած ծնողներու փաստաբան Վահան Յովհաննիսեան։ ■

– Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան Նոյեմբեր 16-ին լրագրողներուն յայտնած է, թէ իր կարծիքով Հայաստանի մէջ Արցախի պետական հաստատութիւններու պահպանումը կամ զարգացումը սպառնալիք է եւ հարուած մեր երկրի անվտանգութեան համար։ 

“Մենք ունինք Արցախահայութեան մեծ խնդիր։ Այնտեղ պետականութիւն ստեղծելու կամ այստեղ պետականութեան հիմնարկներ պահելու եւ զարգացնելու նպատակ չեմ տեսներ”,– ըսած է ան։ ■

– «Մայր Հայաստան» դաշինքի առաջնորդ Անդրանիկ Թեւանեան Նոյեմբեր 16-ին յայտարարած է, թէ կը հրաժարի Երեւանի աւագանիի (Քաղաքապետական խորհուրդի) անդամի իր լիազօրագրէն։ “Մեր խմբակցութիւնը այսուհետեւ կը ղեկավարէ Մանուկ Սուքիասեանը”,– ըսած է ան։ ■

– Հնդկաստանի «Munitions India Limited» ընկերութիւնը 150 հազար նռնակ պիտի մատակարարէ Հայաստանին։ Լուրը կը հաղորդէ Indian Aerospace Defence News։ 

Վերոնշեալ աղբիւրը X-ի իր էջին գրած է, թէ երկու ամիս առաջ նոյն ընկերութիւնը Հայաստան առաքած էր 7,62 մմ տրամաչափի 5 միլիոն փամփուշտ։ ■ 

– Թուրքիոյ խորհրդարանը հաւանութիւն տուած է նախագահ Էրտողանի Նոյեմբեր 13-ին ներկայացուցած օրինագծին։ Առ այդ մէկ տարի կ՚երկարաձգուի թրքական բանակի առաքելութիւնը՝ ռուս-թրքական դիտարկման կեդրոնի կազմին մէջ։

Ըստ օրինագծին՝ «Թուրքիա այդ կեդրոնի միջոցով կ՚օգնէ տարածաշրջանի անվտանգութեան երաշխաւորման եւ կողմերու միջեւ վստահութեան ամրապնդման»։ ■