Search
Close this search box.

Amnesty International. «Հայաստանի իշխանութիւններուն կոչ կ՚ընենք անաչառ եւ անյապաղ հետաքննելու վերջին հանրահաւաքի ընթացքին տեղի ունեցածը» 

Անդրադառնալով մայրաքաղաք Երեւանի մէջ ցուցարարներու եւ ոստիկաններու միջեւ կատաղի բախումներու վերաբերեալ հաղորդագրութիւններուն՝ «Միջազգային ներում» (Amnesty International) կազմակերպութեան Հարաւային Կովկասի հարցերու հետազօտող Նաթալիա Նոզաձէ նշած է, թէ Երեւանի վերջին հանրահաւաքի ընթացքին՝ բռնութեան մակարդակը խիստ մտահոգիչ է։

«Կոչ կ՚ընենք Հայաստանի իշխանութիւններուն` անյապաղ եւ անաչառ հետաքննելու տեղի ունեցածը, ներառեալ այն պնդումները, որ ոստիկանութիւնը կարելի է անհարկի կամ չափէն աւելի ուժ կիրարկած է: Իշխանութիւններու արձագանգը բողոքի ցոյցերուն, նոյնիսկ երբ անոնք բռնի բնոյթ կը կրեն, պէտք է խստօրէն համապատասխանեն մարդկային իրաւանց միջազգային չափանիշերուն։ Իրաւապահները պէտք է խուսափին ուժի կիրարկումէն։ Եթէ այդ հնարաւոր չէ, ապա ուժը պէտք է կիրարկուի նուազագոյն չափով, միայն այն պարագային, երբ խիստ անհրաժեշտ եւ համաչափ է իրաւապահ մարմիններու օրինական նպատակին հասնելնուն համար»,– յայտարարած է Կազմակերպութիւնը։