Search
Close this search box.

Amnesty International-ի զեկոյցը՝ Հայաստանի մասին. ոստիկանական բռնութիւններ, լրագրողներու նկատմամբ՝ ճնշումներ

«2023-ին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած ցոյցերու ընթացքին իրաւապահներու կողմէ ուժի անօրինական կիրարկման դէպքեր արձանագրուած են»,– կը նշէ Amnesty International իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը Ապրիլ 24-ին հրապարակած իր զեկոյցին մէջ։

Իբրեւ օրինակ զեկոյցին հեղինակները մատնանշած են անցեալ տարուան Սեպտեմբեր 19-ին Երեւանի մէջ կազմակերպուած բողոքի ցոյցերու ընթացքին ծաւալած իրադարձութիւնները։

«Հայաստանի Հելսինքեան կոմիտէն, որ կը դիտարկէր բողոքի գործողութիւնը, հաղորդած է, որ ոստիկանութիւնը ցուցարարներու նկատմամբ անհամաչափ ուժ կիրարկած է առանց խտրականութեան, այդ կարգին՝ ծեծի ենթարկելով եւ արցունքաբեր կազով նռնակներ արձակելով ամբոխի ուղղութեամբ՝ առանց նախազգուշացման»,– ընդգծուած է զեկոյցին մէջ։

«Մտահոգութիւններ կան որոշ լրագրողներու ապահովութեան առնչութեամբ, որոնք կ՚ենթարկուին ճնշումներու, վիրաւորանքներու եւ բռնութեան՝ կառավարութեան աջակիցներու կողմէ»,– կ՚ըսէ Amnesty international-ը։

«Նուազագոյնը երկու լրագրողներ յայտարարած են, որ 2023 Յուլիս 25-ին տեղի ունեցած վարչապետ Փաշինեանի ասուլիսին, Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ անոր ուղղած իրենց հարցումներէն ետք, ընկերային ցանցերու մէջ ենթարկուած են ճնշումներու եւ սպառնալիքներու, եւ այդ՝ որոշ պաշտօնատարներու կողմէ»,– մասնաւորապէս կը նշուի Կազմակերպութեան զեկոյցին մէջ։