Search
Close this search box.

Ազերպայճանի ժողովուրդին 96,2%-ը «Զանգեզուրը, Իրաւանը եւ Կէօյչան» կը համարէ ազերպայճանական պատմական հողեր

Քարտէսին վրայ. «Իրաւանն ալ Ազերպայճան է»

«Թաթոյեան» հիմնադրամը հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, թէ Ազերպայճանի նախագահին առընթեր Ընկերային հետազօտութիւններու կեդրոնը Ապրիլ 18-ին հրապարակած է Հայաստանին վերաբերող հարցախոյզի մը արդիւնքները։ Հոն տեղ գտած հարցումներուն մէջ հայաստանեան բնակավայրերը ազերպայճանական կեղծ անուանումներով յիշուած են։ 

Հարցախոյզի արդիւնքներուն համաձայն՝ ազերպայճանցի ժողովուրդին 96,2%-ը «Զանգեզուրը, Իրաւանը եւ Կէօյչան» կը համարէ ազերպայճանական պատմական հողեր։

Հաղորդագրութեան մէջ կը տրուին նաեւ այդ արդիւքներէն հետեւեալ մանրամասնութիւնները.

«58,1%-ը կը կարծէ, որ յառաջիկայ 5 տարիներու ընթացքին պէտք է տեղի ունենայ վերադարձ “Արեւմտեան Ազերպայճան” (այսինքն՝ Հայաստանի տարածք), իսկ 19,9%-ը՝ 5-10 տարիներու ընթացքին։

76,9%-ը կը համարէ, որ “Արեւմտեան Ազերպայճան” վերադարձը սերտօրէն կապուած է Զանգեզուրի միջանցքի բացման հետ։

61%-ը նշած է, որ “Արեւմտեան Ազերպայճան” վերադարձի յաջողութեան գրաւական է պատմական յիշողութեան վերականգնումը, իսկ 32,4%-ը՝ կրօնական եւ մշակութային արժէքներու քարոզը եւ 18,4%-ը՝ լրասփիւռներու քարոզչութիւնը։

57,9%-ը ամէնէն շատ կ՚ուզէ երթալ “Կէօյչայի շրջան” (այսինքն՝ Սեւան), 37,5%-ը՝ “Կէօյչայի” լիճ, 43,9%-ը՝ “Զանգեզուրի շրջան”, 40,6%-ը կրօնական յուշարձանները տեսնելու․ 29,6%-ը՝ «Իրաւան» (այսինքն՝ Երեւան), 28,3%-ը՝ Կապոյտ մզկիթ:

57,5%-ը նշած է, որ “Արեւմտեան Ազերպայճան”-ի պատմամշակութային ժառանգութիւնը հարուստ է մզկիթներով, 24,2%-ին համար՝ աղուանական տաճարներով, 30,0%-ին՝ իսլամական սրբատեղիներով եւ այլն։

Այս հարցումները կ՚արտայայտեն ազերպայճանական պետական քաղաքականութեան ուղղութիւնները եւ սա, իրականութեան մէջ, ազերպայճանական իշխանութեան դիրքորշումն է։ Անոնք, ինչպէս միշտ, հասարակական կարծիքի անուան տակ կը պաշտօնականացնեն Հայաստանի նկատմամբ յարձակողական ու զաւթողական քաղաքականութիւնը։ Այս ամէնը մաս կը կազմէ ազերպայճանական իշխանութիւններու հայատեաց քաղաքականութեան։

Բայց հոս կարեւորը այն է, որ Ազերպայճանի իշխանութիւնը գոյութիւն չունեցող պատմական փաստեր կը հնարէ իր արարքները հիմնաւորելու համար, իսկ Հայաստանի իշխանութիւնը մեր իրապէս գոյութիւն ունեցող պատմական փաստերը, որոնք բացառապէս մեզի ի նպաստ են, կը հակադրէ ժամանակակից պայմաններուն»:

***

Ստորեւ, ընկերային ցանցերու վրայ՝ ազերպայճանական քարոզչութենէն «ծաղկաքաղ» մը.

«Ազերպայճանի Իրաւան խանութիւնը. 1747 – 1827»

«Իրաւանը ինչո՞ւ տրուեցաւ հայոց եւ ո՞վ էր մեղաւորը. պատմական փաստեր, անպայման դիտեցէք»։