Ապրիլ 24-ին, Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոս՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբաններու ուղեկցութեամբ, այցելած է Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր՝ ոգեկոչելու Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակը:
Յուշահամալիրին մէջ ծաղկեպսակի զետեղումէն ետք, Նորին Սրբութեան նախագահութեամբ կատարուած է բարեխօսական կարգ՝ սրբադասուած նահատակներուն համար:
Օրուան առիթով Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր բերուած է նաեւ Ցեղասպանութեան սրբոց նահատակաց մասունքարանը:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։