Search
Close this search box.

Անհնազանդութեան ցոյցերը կը շարունակուին

 

Ձերբակալուած է շուրջ 300 հոգի

Ոստիկանները երեսփոխան Աշոտ Սիմոնեանը հարուածած են ու անոր հայհոյած

Մայիս 27-ի առտուան ժամերէն սկսեալ վարչապետ Փաշինեանի հրաժարականը պահանջող «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժումին անդամներն ու աջակիցները Երեւանի մէջ բողոքի ցոյցեր կատարած են, փակած են մայրաքաղաքի կեդրոնական հատուածի ճամբաները: Ոստիկանական ուժերը եւ կարմիր բերետաւորները ձերբակալած են շուրջ 300 ցուցարարներ։ Անոնց մեծ մասը աւելի ուշ ազատ արձակուած է։

Ընդդիմադիր «Հայաստան» խմբակցութեան երեսփոխան Աշոտ Սիմոնեանի նկատմամբ ոստիկանները բռնի ուժ գործադրած են, զայն հարուածած ու անոր հայհոյած են։

Համացանցով տարածուած տեսանիւթին մէջ կ՚երեւի, թէ ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի գրասենեակի մօտէն խումբ մը ոստիկաններ երեսփոխանը կը քաշքշեն, ապա գետին կը տապալեն, կը հարուածեն։ Կը լսուին սեռային բնոյթի հայհոյանքներ։

Ընդդիմադիր երեսփոխանին դէմ կատարուած բռնարարքին հետեւանքով Ներքին գործոց նախարարութեան (ՆԳՆ) կողմէ ծառայողական քննութիւն պիտի կատարուի։

ՆԳՆ լրատուական ծառայութիւթենէն «Ազատութիւն» լրասփիւռին հաղորդած են, թէ քննութենէն ետք պիտի կարենան յստակացնել, թէ քանի ծառայողի լիազօրութիւնը կը կասեցուի։

Բագրատ արք. Գալստանեան տեղեկացուցած է, թէ նոյն օրը երեկոյեան պիտի երթան Սարդարապատ, ուր պիտի գիշերեն, որպէսզի յաջորդ օրը առաւօտեան՝ Մայիս 28-ին, Սարդարապատի մէջ ներկայ ըլլան եւ ոգեկոչեն հերոսներու յիշատակը։

“Բացառիկ  երեւոյթ  է  համաշխարհային  պատմութեան  մէջ,  երբ  հայրենիք  կորցրած,  ցեղասպանուած,  մոլորուած,  ո՛չ  մի  յոյս  չունեցող  ժողովուրդը  ընդամէնը  երեք  տարի  յետոյ  մեծ  բանակների  դիմաց  կանգնած  հռչակեց  իր  անկախութիւնը”,  նշած է Բագրատ սրբազան։