Փետրուար 20-24, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, նախագահութեամբ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի եւ ատենապետութեամբ Կ. Պոլսոյ Հայոց պատրիարք Սահակ արքեպիսկոպոս Մաշալեանի տեղի ունեցած է Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ընդլայնուած կազմով ժողովը:
Ժողովը վարած է Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի մէջ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի ներկայացուցիչ Խաժակ արքեպիսկոպոս Պարսամեան:
Հայաստանի ու Արցախի շուրջ ընթացող զարգացումներուն, հայրենիքի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներու, Արցախահայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան, անոնց ուղղուած ընկերային աջակցութեան եւ Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան համար իրականացուած նախաձեռնութիւններու վերաբերեալ զեկոյցներով հանդէս եկած են Մայր Աթոռի Ընկերային ծառայութեան վարչական խորհուրդի ատենապետ Գէորգ եպիսկոպոս Սարոյեան, Մայր Աթոռի Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան հարցերու գրասենեակի տնօրէն Գարեգին վարդապետ Համբարձումեան, Իրաւունքի եւ արդարութեան կեդրոն «Թաթոյեան» հիմնադրամի տնօրէն Արման Թաթոյեան։
Քննարկման ընթացքին Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը դատապարտած է հրադադարի պայմաններուն տակ Ազերպայճանի անթաքոյց ծաւալապաշտական նկրտումները, Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներու նկատմամբ շարունակուող ազերպայճանական զինուած ուժերու ոտնձգութիւնները եւ թշնամանքի ու հայատեացութեան քարոզչութիւնը։ Հայրենիքի առջեւ ծառացած անվտանգային հիմնախնդիրներու յաղթահարման, Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան հարցին մէջ ԳՀԽ-ը կենսական եւ կարեւոր համարած է համազգային միաբանութիւնը, ազգային կառոյցներու ներուժի արդիւնաւէտ կեդրոնացումը, Հայաստան եւ Սփիւռք յարաբերութիւններու առողջացումն ու գործակցութեան պատշաճ կազմակերպումը։ Ժողովականները նաեւ աղօթած են՝ քանի մը օր առաջ Սիւնիքի Ներքին Հանդ գիւղի հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ ազերպայճանական յարձակման պատճառով զոհուած զինուորներու հոգիներու խաղաղութեան եւ վիրաւորներու շուտափոյթ ապաքինման համար։
Ժողովականները անդրադարձած են Ազերպայճանի կողմէ որդեգրուած Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան թիրախաւորման ու իւրացման քաղաքականութեան, պատմամշակութային արժէքներու, պատմական սրբատեղիներու եւ շիրիմներու պղծման ու ոչնչացման արարքներուն։ ԳՀԽ-ը ընդգծած է Մայր Աթոռի Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան հարցերու գրասենեակի հետեւողական ջանքերը՝ միջազգային հանրութիւնը իրազեկ պահելու Արցախի յուշարձաններուն սպառնացող վտանգներու մասին։
Հաղորդուած է թէ ընկերային ծրագրերու շրջանակին մէջ անցնող ամիսներուն Եկեղեցին կեցութեան պայմաններով ապահոված եւ նիւթական աջակցութիւն տրամադրած է բռնի տեղահանուած բազմաթիւ Արցախահայերու, նախապատւութիւն տալով զոհուածներու եւ չորս ու աւելի անչափահաս երեխաներ ունեցող ընտանիքներու: Ընդգծուած է ընկերային ծրագրերու շարունակականութիւնը ապահովելու համար նոր միջոցներու ներգրաւման անհրաժեշտութիւնը։
Եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւններուն եւ հանրակրթութեան բնագաւառին մէջ իրականացուող փոփոխութիւններու մասին զեկոյցներ ներկայացուցած են Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դիւանապետ Արշակ արքեպիսկոպոս Խաչատրեան եւ Քրիստոնէական դաստիրակութեան կեդրոնի տնօրէն Զաքարիա ծայրագոյն վարդապետ Բաղումեան։
Արձանագրուած է, որ Եկեղեցի-պետութիւն ոչ բնականոն յարաբերութիւններու պատճառով լուծման կարօտ մնացած են ազգային-հոգեւոր նշանակութեան շարք մը առանցքային հիմնախնդիրներ, որոնք կ՚առնչուին օրէնսդրական, կրթական, մշակութային, սրբավայրերու պահպանութեան կարեւորագոյն ոլորտներուն։
Ժողովականները մտահոգութիւն յայտնած են, որ հանրակրթութեան բնագաւառին մէջ իշխանութիւններու որդեգրած քաղաքականութեան հետեւանքով հարուածի տակ յայտնուած են հայագիտական առարկաները, մասնաւորաբար կոպիտ սխալներով, բացթողումներով եւ կամայական մօտեցումներով աղճատուած եւ ձեւախեղուած է Հայոց պատմութեան բովանդակութիւնը։ Վերահաստատելով իր դիրքորոշումը ԳՀԽ-ը եզրայանգած է, որ օրինական բոլոր ճամբաներով պէտք է հանրակրթութիւնը զերծ պահել թէ՛ հակագիտական, եւ թէ՛ հակազգային հոսանքներու եւ գաղափարներու ազդեցութենէն։
Յատկապէս անդրադարձ կատարուած է նոր Սահմանադրութիւն ընդունելու վերաբերեալ Հայաստանի իշխանութիւններու մտադրութեան։ Ընդգծելով, որ Հայաստանի Սահմանադրութեան հիմքը կը կազմեն ազգային-հոգեւոր կեանքի խորհրդանիշերը, մեր ժողովուրդի նուիրական անցեալի յիշատակներն ու իրադարձութիւնները եւ ազգային մեր իղձերն ու ձգտումները՝ ժողովականները անթոյլատրելի համարած են այդ արժէքներու որեւէ նսեմացում կամ անտեսում հանրային քննարկումներու ընթացքին, առաւել եւս նոր Սահմանադրութեան ընդունման շրջածիրին մէջ։
ԳՀԽ-ն խիստ տարակուսելի համարած է նոր Սահմանադրութիւն ընդունելու նախաձեռնութիւնը, յատկապէս, երբ հանրային ստուար շրջանակներու մէջ ան կ՚ընկալուի նաեւ հետեւանք արտաքին հարկադրանքի։ Արձանագրուած է, որ նոր Սահմանադրութեան ընդունման վերաբերեալ Հայաստանի բարձրաստիճան տարբեր պաշտօնատարներու, ինչպէս նաեւ Ազերպայճանի նախագահին խօսոյթը միայն կը խորացնեն առկայ կասկածները։
Քննութեան առնելով «Ընտանիքի մէջ բռնութեան կանխարգիլման, բռնութեան ենթարկուած անձանց պաշտպանութեան եւ ընտանեկան կեանքի համերաշխութեան վերականգնման մասին» օրէնքին մէջ առաջարկուող փոփոխութիւնները ԳՀԽ-ը խիստ կարեւորութեամբ ընդգծած է, թէ օրէնքին մէջ առաջարկուող յաւելումները պէտք չէ հակասեն մեր ժողովուրդի՝ ընտանիքի նուիրական պատկերացումներուն ու քրիստոնէական ընկալումներուն, ինչպէս նաեւ պէտք չէ տեղի տան մերժելի տարընկալումներու։
Մայր Տաճարի հիմնական նորոգութեան ընթացքին եւ վերաօծման, ինչպէս նաեւ Միւռոնօրհնութեան արարողութիւններու կազմակերպական աշխատանքներու վերաբերեալ զեկոյցներով հանդէս եկած են Մայր Աթոռի դիւանապետ Արշակ արքեպիսկոպոս Խաչատրեան եւ լուսարարապետ Մուշեղ եպիսկոպոս Բաբայեան:
Ժողովականները նաեւ այցելած են Մայր տաճար եւ ծանօթացած նորոգութեանց ընթացքին։ Ողջունելով կատարուած աշխատանքները՝ ԳՀԽ-ի անդամները արձանագրած են, որ Մայր տաճարի նորոգութեան աշխատանքները աւարտական փուլին կը գտնուին։ Որոշում կայացուած է Մայր տաճարի վերաօծման եւ Միւռոնօրհնութեան արարողութիւնները կազմակերպել 2024 Սեպտեմբեր 28-29-ին՝ Ս. Գէորգ զօրավարի եւ Վարագայ Ս. Խաչի տօներուն։ ԳՀԽ-ն թելադրած է Մայր տաճարի վերաօծման, Միւռոնօրհնութեան եւ յարակից միջոցառումներու համակարգող յանձնախումբին կատարել արարողութիւններու կազմակերպչական աշխատանքները։
Ժողովի ընթացքին ներկայացուած են Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի 2023-ի գործունէութեան տեղեկագիրը, տարեկան նիւթական հաշուետւութիւնը եւ Վերստուգիչ յանձնախումբին զեկոյցը։ Ներկայացուած են նաեւ նախորդ տարի Հայաստանի եւ Սփիւռքի համայնքներուն մէջ իրականացուած հոգեւոր-քարոզչական, մշակութային, կրթական եւ ընկերային բնոյթի ծրագրերը։
Քննարկման առարկայ դարձած են նաեւ Նուիրապետական Աթոռներու, թեմերու գործունէութեան, եկեղեցավարչական, կանոնական, իրաւական, կրթադաստիարակչական բնագաւառներուն առնչուող զանազան այլ հարցեր։
Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ժողովը աւարտած է Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի օրհնութեան խօսքով եւ «Պահպանիչ» աղօթքով:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։