Search
Close this search box.

ԳԵՐՄԱՆԱՀԱՅ ԿԵԱՆՔ – Առաջնորդ Սրբազան հօր հովուական այցելութիւնը Միւնիխի հայ համայնքին

Կիրա­կի, Փետ­րուար 4-ին, Միւ­նի­խի Սուրբ Ան­նա եկե­ղեց­ւոյ մէջ պա­տարագ մա­տու­ցած է Առաջ­նորդ Սե­րով­բէ եպիսկ. Իսա­խանեան, որ հո­վուա­կան այ­ցե­լու­թեամբ քա­ղաքը կը գտնուէր։ Սուրբ սե­ղանին սպա­սար­կած է Պա­ւարիոյ հայ հա­մայնքնե­րու հո­գեւոր հո­վիւ Այ­գիկ քհնյ Յով­հան­նի­սեան։

Պա­տարա­գին ներ­կայ եղած են Պա­ւարիոյ մէջ Հա­յաս­տա­նի պատուոյ հիւ­պա­տոս տի­կին Քրիս­տի­նէ Զաս­սէ եւ քոյր Եկե­ղեցի­ներու ներ­կա­յացու­ցիչներ։

Պա­տարա­գի աւար­տին Սրբա­զան Հայ­րը օրհնած է Միւ­նի­խի ՀՄԸՄ-ական սկաուտնե­րը, որոնք խրա­խու­սա­կան շքան­շաններ ստա­ցած են իրենց կրօ­նական գի­տելիք­նե­րու դա­սըն­թացքը յա­ջողու­թեամբ աւար­տելնուն առի­թով։

Այ­նուհե­տեւ եկե­ղեցա­կան հա­մայնքի վար­չութեան կազ­մա­կեր­պութեամբ Ս. Մո­նիքա եկե­ղեց­ւոյ սրա­հին մէջ նշուած է Վար­դա­նանց տօ­նը` աւան­դա­կան հա­րիսա­յով։ 

Աւար­տին ներ­կա­ներուն իր օրհնու­թեան խօս­քը հա­ղոր­դած է Սե­րով­բէ Սրբազան։ ■