Յունիս 1-ին՝ երեխաներու պաշտպանութեան օրը, Գիւմրիի մէջ պիտի կայանար Շառլ Ազնաւուրի ծննդեան 100-ամեակին նուիրուած մանուկներու համերգը, որուն պիտի մասնակցէր նաեւ Տաւուշի թեմի «ՏաԼոյս» մանկական երգչախումբը, որ շուրջ երեք ամիս աշխատած էր համերգը պատրաստելու համար։
Համերգը նախատեսուած էր կէսօրէ ետք ժամը 2-ին։ Սակայն Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի (ԿԳՄՄ) փոխնախարար Դանիէլ Դանիէլեան վերջին պահուն համերգին ժամը փոխած է, երկու-երեք ժամ առաջացնելով, որու հետեւանքով տաւուշցի փոքրիկները չեն կրցած ժամուն հասնիլ՝ զրկուելով ելոյթ ունենալու կարելիութենէն։ Երբ տեղ հասած են արդէն համերգը աւարտած եւ բեմն ալ քակուած ու վերցուած էր։
«ՏաԼոյս» երգչախումբի արտադրող, ուրարակիր Թովմաս Առաքելեան պատմած է, թէ ինք փոխնախարարին ըսած է, որ իրենք «Ազնաւուր հիմնադրամ»-ին հետ պայմանագիր ունին եւ պէտք է ապահովուի երգչախումբին ելոյթը։ Իսկ պրն Դանիէլեան անոր պատասխանած է. «Եկել, պրոդիւսեր ես ներկայանում, էդ դեյրադ հանի, յետոյ խօսայ»։ Այնուհետեւ ալ փոխնախարարը Առաքելեանի ականջին հայհոյած է…։
Այս կապակցութեամբ իրաւապաշտպան Արման Թաթոյեան փոխնախարարին ուղղուած Դիմագիրքեան գրառման մէջ նշած է.
«Հոգեւորականի զգեստը «դեյրա» անուանած ու հոգեւորականին ականջին հայհոյած ԿԳՄՄ-ի փոխնախարա՛ր, ի՞նչ աստիճան լկտի պէտք է լինես, որ Սուրբ եկեղեցու հոգեւորականի զգեստը անուանես “դեյրա” ու ականջին հայհոյես` լինելով Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի փոխնախարար:
Այսպէս է լինում, երբ խուլիգանները զբաղեցնում են պետական, այն էլ՝ բարձրաստիճան պաշտօններ»։
***
Նշենք, թէ Գիւմրիի Թատերական հրապարակի սանդուխներուն վրայ Տաւուշի երգչախումբը ներկայացուցած է համերգը, արժանանալով հոն հաւաքուած խուռներամ բազմութեան գովասանքին ու ծափահարութիւններուն։
Այնուհետեւ տեղի ունեցած է «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժումին հանրահաւաքը, ուր ելոյթ ունեցած է շարժումի առաջնորդ Բագրատ սրբազան։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։