Յունիս 17-ին, Տաւուշի մարզի Դիլիջան քաղաքին մէջ առաջին անգամ ըլլալով տեղի ունեցած է «Միմինօ» հայ-վրացական մշակութային-խոհարարական փառատօնը:
Փառատօնի մասնակից հայ եւ վրացի խումբերը իրենց տաղաւարներուն մէջ պատրաստած եւ ներկայացուցած են սեփական խոհանոցի բազմազան ուտեստները: Փառատօնի մշակութային եւ երաժշտական հարթակներու վրայ ներկայացուած են ազգային երգ ու պար, արուեստի գործեր, արհեստագործական աշխատանքներ:
Բացման արարողութեան հիւրերը ողջունած են կազմակերպիչներն ու երկու երկիրներու դիւանագիտական առաքելութիւններու ղեկավարները` ընդգծելով նման նախաձեռնութիւններու կարեւորութիւնը Հայաստանի եւ Վրաստանի համար:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։