Յունիս 30-ին, Փարիզեան շրջանի Ռենսի քաղաքը գտնուող «Դպրոցասէր» հայկական վարժարանի ամավերջի հանդէսն էր եւ շրջանաւարտներու վկայականներու բաշխումի արարողութիւնը։ Ներկայ էին Ֆրանսայի թեմի առաջնորդ Գրիգոր վրդ. Խաչատրեան, Հայաստանի դեսպան Յասմիկ Տոլմաջեան, Ռենսիի մերձակայ Լիվրի-Կարկանի քաղաքապետ Փիէր Իվ-Մարթէն, Ռենսիի քաղաքային խորհուրդի անդամներ, աշակերտներ, ծնողներ։
Տիկին Տոլմաջեան ջերմօրէն շնորհաւորելով շրջանաւարտները, անոնց մաղթեց ամենայն յաջողութիւն իրենց հետագայ ուսումնառութեան մէջ։ Ան նաեւ երախտագիտութիւն յայտնեց «Դպրոցասէր»-ի տնօրէն Հայկ Սարգսեանին, ուսուցիչներուն, ինչպէս նաեւ դպրոցի հոգաբարձուներու խորհուրդին՝ յանձին նախագահ Աղաւնի Սարիքայայի, իրենց ազգանուէր գործունէութեան համար, ընդգծելով Ֆրանսայի ամէնէն հին հայկական կրթօճախը հանդիսացող «Դպրոցասէր»-ի կարեւոր դերակատարութիւնը հայապահպանութեան գործին մէջ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։