Երուսաղէմի հայապատկան «Կովերու պարտէզ»-ի պաշտպանութեան լծուած Save the ArQ խմբաւորումը Յունիս 6-ին հրապարակած է ստորեւ տրուած հաղորդագրութիւնը.
«Ինչպէս յայտարարուած էր մեր նախորդ մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ, 2024 Մայիս 6-ին Երուսաղէմի Շրջանային դատարանը ընդունեց մեր դիմումը եւ մերժեց Xana Gardens-ի (այն ընկերութիւնը, որ կը փորձէ տիրանալ «Կովերու պարտէզ»-ին – «ՆՅ»)՝ պաշտպանութեան ներկայացման պայմանաժամը երկարաձգելու խնդրանքը, անոր յանձնարարելով իր պաշտպանութիւնը ներկայացնել մինչեւ Մայիս 26: Մայիս 29-ին Xana Gardens-ի փաստաբանները կրկին անգամ դիմեցին Երուսաղէմի դատարան, պահանջելով պայմանաժամի երկարաձգում՝ իրենց պաշտպանական յայտարարութիւնը ներկայացնելու համար։ Երուսաղէմի հայ համայնքի փաստաբանները խնդրեցին դատարանէն, որ մերժէ անոնց այս պահանջը։
2024 Յունիս 4-ին Երուսաղէմի շրջանային դատարանը մերժեց Xana Gardens-ի պահանջը եւ անոր պարտադրեց իր պաշտպանական յայտարարութիւնը ներկայացնել մինչեւ Յունիս 16՝ որոշում կայացնելով, որ այլեւս երկարաձգում պիտի չըլլայ: Դատարանը ընդգծեց, որ պաշտպանական յայտարարութիւնը պէտք է ներկայացուի մինչեւ Յունիս 16։
Այսպէս, Երուսաղէմի շրջանային դատարանին մէջ կ՚ընթանայ Հայ համայնքի՝ «Կովերու պարտէզ»-ի առնչուող գործը եւ ամբաստանեալներու՝ բողոքներուն պատասխանելու պայմանաժամն ալ արագօրէն կը մօտենայ։
Save the ArQ շարժումը կը շարունակէ ջանասիրաբար աշխատիլ իրաւական համակարգի յարաչափերու (paramètres) շրջանակին մէջ՝ մեր իրաւաբանական խումբի ցուցմունքներուն եւ փորձառութեան ներքոյ: Իբրեւ այդպիսին, մենք կոչ կը յղենք բոլոր կողմերուն զերծ մնալու միակողմանի գործողութիւններէն, որոնք կրնան վնաս հասցնել իրաւաբանական գործընթացին կամ խոչընդոտել զայն։
Երուսաղէմ, Հին քաղաք, Հայկական թաղամաս
2024 Յունիս 6»
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։