Ապրիլ 3-ին, իսրայէլացիները Երուսաղէմի մէջ ոստիկանութեան աջակցութեամբ մուտք գործած են «Կովերու պարտէզ»։ Լուրը կը հաղորդէ «Փրկենք Երուսաղէմի հայկական թաղամասը» նախաձեռնութիւնը։
Ոստիկանութիւնը առանց դատարանի որոշումի եւ առանց նախազգուշացման, ապօրինի կերպով, վերցուցած է տեղադրուած պատնէշները։
Երուսաղէմի հայ համայնքի ներկայացուցիչներու, անոնց մէջ՝ հոգեւորականներու եւ «Կովերու պարտէզ» ներխուժած իսրայէլացիներու ու ոստիկաններու միջեւ քաշքշուք տեղի ունեցած է:
Սեդրակ Բալեան «X»-ի իր էջին հրապարակած է դէպքին տեսանիւթը.
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։