Search
Close this search box.

ԶՈՒԻՑԵՐԻԱ. Նախագահ Վահագն Խաչատուրեան մասնակցած է Տաւոսի Համաշխարհային տնտեսական համաժողովին

Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան աշխատանքային այցով գացած է Զուիցերիա՝ մասնակցելու համար Տաւոսի Համաշխարհային տնտեսական համաժողովին:

Համաժողովը այս տարի նուիրուած էր «Պատմութիւնը շրջադարձային կէտին. Կառավարութիւններու քաղաքականութիւնը եւ գործարար ռազմավարութիւնները» բնաբանին:

Համաժողովի ընթացքին  քննարկուած են անվտանգութեան եւ մարդասիրական հրատապ խնդիրները, համաճարակէն յետոյ տնտեսութեան վերականգնումը, կլիմայի փոփոխութեան դէմ պայքարը եւ չորրորդ արդիւնաբերական յեղափոխութեան արհեստագիտութիւններու կիրարկումը։ Պսակաձեւ ժահրի համաճարակին պատճառած երկամեայ ընդմիջումէն ետք համաժողովը առաջին անգամ տեղի կ՚ունենար ոչ-առցանց կարգով։

Համաշխարհային տնտեսական համաժողովի քննարկումներուն մասնակցած են կառավարութիւններու, միջազգային կազմակերպութիւններու, գործարար համայնքի աւելի քան 2000 ներկայացուցիչներ, ներառեալ՝ 50 պետութեան ու կառավարութեան ղեկավարներ։

Տաւոսի համաժողովի շրջանակին մէջ, ՀՀ նախագահը բազմաթիւ ու բազմակողմանի հանդիպումներ ունեցած է: