Յուլիս 20-ին, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան այցելած է չճանչցուած Հիւսիսային Կիպրոսի թրքական Հանրապետութիւն՝ մասնակցելու «Կիպրոսի խաղաղապահ գործողութեան» 50-ամեակի միջոցառումներուն: Այս առիթով ան յայտարարած է, թէ «Թուրքիա պատրաստ է Կիպրոսի հարցին շուրջ բանակցութիւններու»։
Թուրքիա 1974 Յուլիս 20-ին տեղի ունեցածը կ՚անուանէ «խաղաղապահ գործողութիւն», նշելով թէ օգտագործած է իր իրաւունքը՝ իբրեւ երաշխաւոր պետութիւն՝ կիպրացի թուրքերը պաշտպանելու համար:
“Տարածաշրջանի՝ շարունակուող հակամարտութիւններու համածիրին մէջ չափազանց անպատասխանատու քայլեր կ՚առնուին, որոնք վտանգի կ՚ենթարկեն ամբողջ կղզիի (Կիպրոսի) ապահովութիւնը: Մենք կը կարծենք, որ անընդունելի է Կիպրոսի մէջ դաշնակցային կառավարման կարգ ստեղծելու որոշումը: Լուծում գտնելու համար պէտք է ճանչնալ կիպրացի թուրքերու իրաւունքները”,– ըսած է Էրտողան:
Անոր կարծիքով՝ Անգարայի եւ Աթէնքի միջեւ երկխօսութեան խորացումը արդիւնաւէտ կ՚ըլլայ Կիպրոսի հարցին:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։