Search
Close this search box.

Թեհրանի մէջ կ՚ընթանայ «3+3» ձեւաչափով հանդիպումը

Հոկտեմբեր 23-ին, Իրանի Արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ կ՚ընթանար «3+3» ձեւաչափով Արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը, զոր կազմակերպած է Թեհրան։

«Նոր աշխարհ, համագործակցութիւն եւ յառաջընթաց Հարաւային Կովկասի մէջ» բնաբանով, Կովկասի վերափոխման նուիրուած հանդիպումին կը մասնակցին Իրանի, Ռուսաստանի, Թուրքիոյ, Ազերպայճանի եւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարները։

Սոյն համաժողովին կը քննարկուին տարածաշրջանային համագործակցութեան զարգացման ուղիները (քաղաքական, տնտեսական, անվտանգութեան, տարանցիկ (transit), ուժանիւթային եւ այլն), ինչպէս նաև խաղաղութեան առնչուող հարցեր, Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ բանակցութիւնները:

Նշենք, թէ Վրաստան պաշտօնապէս մերժած է այս ձեւաչափով հանդիպման մասնակցիլ։