Թրքական իշխանամերձ «Sabah» թերթի կայքը հրապարակած է «Թուրանի ճանապարհը կու գայ. Թուրքական պետութիւնները իրարու պիտի միացնէ» վերտառութեամբ յօդուած մը, ուր անդրադարձած է «Զանգեզուրի միջանցք»-ին՝ զայն անուանելով «Թուրանի ճանապարհ»: Լուրը կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը։
Ըստ թրքական լրասփիւռին՝ Ղարաբաղի յաղթանակով Թուրքիոյ եւ Ասիոյ միջեւ բացուած է նոր միջանցք, որ իրարու պիտի կապէ 1,1 թրիլիոն տոլար ՀՆԱ (PIB) ունեցող թուրքախօս երկիրները:
Ընդգծուած է, որ Թուրքիա-Ազերպայճան առեւտուրի շրջանառութիւնը կը կազմէ շուրջ 4,5 միլիառ տոլար, եւ նպատակ ունին զայն հասցնելու մինչև 15 միլիառ տոլարի: Նշուած է, որ միջանցքի բացումով վերջ պիտի դրուին Վրաստանի եւ Իրանի տարածքով տարանցման վրայ կիրարկուող սահմանափակումներուն:
Ըստ կայքի պնդումին՝ կը նախատեսուի, որ այդ ուղին պիտի բացուի այս տարի, իսկ անոր շահագործումէն ետք՝ Հարաւային Կովկասի մէջ հնարաւոր պիտի ըլլայ հիմք դնել տնտեսական համագործակցութեան:
Կրկին ընդգծուած է, որ «Զանգեզուրի միջանցք»-ը չինական «Մէկ գօտի, մէկ ճանապարհ» նախագիծի տեսանկիւնէն մեծ կարեւորութիւն ունի: Ըստ այդմ՝ երբ «միջանցք»-ը բացուի, Ազերպայճանի դիրքը, որ կը գտնուի Թուրքիոյ եւ Չինաստանի միջեւ, նշեալ նախագիծով պիտի ամրապնդուի, իսկ Զանգեզուրը կարեւոր այլընտրանքային ուղի կրնայ դառնալ նոյն նախագիծին համար, որուն նշանակութիւնը ռուս-ուքրաինական պատերազմէն ետք մեծցած է:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։