Search
Close this search box.

“«Ինչո՞ւ»-ն պատասխան չունի եւ փոխարինեցի «ի՞նչ»-ով: Ընդհանրապէս կը հարցնեմ «ի՞նչ պիտի ընենք», երբ դժուար օրերու մէջ ենք”

Հարցազրոյց՝ Աստուածաշունչի Ծոցի երկիրներու ընկերութեան ընդհանուր քարտուղար, գիրքերու հեղինակ, յօդուածագիր Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի հետ

«Նոր Յառաջ» – Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան՝ 1980 թուականէն կը պաշտօնավարէք Աստուածաշունչի ընկերութենէն ներս, որ կը գործէ աւելի քան 200 երկիրներու մէջ եւ ունի աւելի քան 200-ամեայ գործունէութիւն։ 1990-էն Աստուածաշունչի Ծոցի երկիրներու ընկերութեան ընդհանուր քարտուղար նշանակուած էք։ Ի՞նչն է, որ մղած է ձեզ նման միջազգային եւ կրօնական առաքելութեան մը մէջ ընդգրկուելու։

Հրայր Ճէպէճեան.- Ծնած եմ Լիբանան՝ Պէյրութ, եկեղեցապատկան եւ եկեղեցասէր ընտանիքի մը մէջ: Գերդաստանս Այնթապէն, Հասան Պէլիէն սկսեալ, եղած են եկեղեցւոյ մօտիկ եւ եկեղեցական գործիչներ ունեցող ընտանիքներ: Անոնք այդ օրերուն մեծ ներդրում ունեցած են Այնթապի, Հասան Պէլիի մէջ, որմէ ետք հասած են մինչեւ Քեսապ, ապա Հալէպ եւ Պէյրութ: Այնպէս որ հոգեւոր կոչումս եւ դաստիարակութիւնս ստացած եմ մանուկ տարիքէս:

1975-ին աւարտեցի Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանը՝ Պէյրութ, երբ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը սկսաւ եւ իմ բոլոր դասընկերներս մեկնեցան Ամերիկա: Ես ալ ուզեցի մեկնիլ եւ երբ գացի ամերիկեան դեսպանատուն, որպէսզի մուտքի արտօնագիր ստանամ՝ մերժուեցայ: Հոս կարծես առաջին հանգրուանն էր կեանքիս, ուր Աստուած սկսաւ հետս խօսիլ:

Պէյրութի մէջ շարունակեցի կեանքս եւ ուսումս Հայկազեան Համալսարանէն ներս՝ պսակաւոր արուեստից առեւտրական գիտութիւն ուսանելով: Երբ աւարտեցի, մտայ ամերիկեան համալսարան, որպէսզի մակիստրոսականս աւարտեմ՝ երկրագործական տնտեսագիտութեան մէջ: Այդ օրերուն գործ կը փնտռէի, որպէսզի կարենամ ապրուստս հոգալ եւ սկսայ աշխատիլ Լիբանանի Աստուածաշունչի ընկերութեան մէջ: Երբեք չէի մտածած, որ աւարտելէս ետք պիտի շարունակեմ աշխատիլ Աստուածաշունչի ընկերութեան մէջ, կը մտածէի Արաբական Ծոցի երկիրներ երթալ եւ հոն, իմ վկայականովս, ուրիշ աշխատանք գտնել: Գտայ գործ մը նոյնիսկ այդ երկիրներէն ներս՝ երկրագործական ընկերութեան մը մէջ, բայց երբ Աստուածաշունչի ընկերակցութեան գրասենեակի տնօրէնս ծրագրերուս մասին հարցուց, ըսի ես պիտի մեկնիմ, ըսաւ՝ չէ՛, կ՚ուզենք որ հոս մնաս եւ մեզի հետ շարունակես: Հոն կայացաւ որոշումս, քանի Աստուած հետս կը խօսէր տնօրէնիս միջոցաւ, Աստուած ինծի համար ծրագիր մը ունէր:

1980-ականներէն սկսեալ բաժինս բերի Լիբանանի եւ Սուրիոյ Աստուածաշունչի ընկերութեանց կազմակերպչական աշխատանքներուն: 1990-ին դարձայ Արաբական Ծոցի ընկերութեան ընդհանուր քարտուղարը եւ առ այսօր կը շարունակեմ: 2003-2006 թուականներուն նաեւ աշխատած եմ Թեհրանի Հայոց եկեղեցւոյ հետ, որպէսզի հոգեւոր գրականութիւն հրատարակենք, նկատի ունենալով որ Թեհրանի Աստուածաշունչի ընկերութեան մեր գրասենեակը փակուած էր: Աւելի քան 42 տարի է մաս կը կազմեմ այս ընկերութեան, որուն համար փառք կու տամ Աստուծոյ, որ Իր խօսքը տարածելու առաքելութեամբ օժտած է զիս:

 

«ՆՅ» – Ծոցի երկիրները իսլամական երկիրներ են, ուր կան քրիստոնեայ փոքր համայնքներ, որոնք հոն հաստատուած են աշխատանք փնտռելու բերումով։ Տեղական իշխանութիւնները ինչպէ՞ս կ՚ընդունին ձեր աշխատանքը։ Կը բաւարարուիք միայն քրիստոնեայ համայնքներուն Աստուաշնչային կարիքնե՞րը հոգալով։

Հ.Ճ. – Այս տարածաշրջանին մէջ մեծ թիւով օտարներ կ՚ապրին: Ըստ միջազգային ցուցակներու, աշխարհի առաջին չորս երկիրները, ուր օտարներուն թիւը կը գերազանցէ տեղացիներուն, Արաբական Ծոցի երկիրներն են: Առաջին հերթին կու գայ Տուպայը՝ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները, որուն բնակչութեան 90%-ը օտար է, որմէ ետք կու գայ Քաթարը՝ 88%, ապա Քուէյթը՝ 70% եւ Պահրէյնը՝ 60-65%: Այնպէս որ կը տեսնէք, թէ Արաբական Ծոցի տարածաշրջանին օտարներուն թիւը շատ մեծ է, անշուշտ հասկնալի պատճառներով: Բոլորս գիտենք, որ այս երկիրները բնական հարստութիւններ ունին՝ քարիւղ եւ այլն:

Ըստ զանազան վիճակագրութիւններու Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ աւելի քան 150 տարբեր ազգերէ մարդիկ կ՚ապրին, որոնց մէջ կան մեծ թիւով քրիստոնեաներ: Պետութիւնը քրիստոնեայ համայնքին հողեր տուած է, որպէսզի եկեղեցիներ ունենան եւ հոն գործունէութիւն ծաւալեն: Անշուշտ այս երկիրներուն մէջ քրիստոնեան միշտ հիւր համարուած է, սահմանափակ ազատութիւն ունինք, չենք կրնար համեմատել այս ազատութիւնը ուրիշ երկիրներու մէջ մեր վայելած ազատութեան հետ: Քրիստոնեայ եկեղեցին իր առաքելութիւնը կը ծաւալէ միայն եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս, անկէ դուրս արտօնուած չէ:

Մենք մեր գործունէութիւնը կը ծաւալենք տարբեր լեզուներով, տարբեր համայնքներու, եկեղեցապատկան կալուածներու մէջ: Հսկայական աշխատանք է, որովհետեւ ըստ ոչ-պաշտօնական տուեալներու, Արաբական Ծոցի տարածքին մէջ այսօր կ՚ապրին աւելի քան 5 միլիոն քրիստոնեաներ, այնպէս որ այս թիւը եթէ համեմատենք, Եգիպտոսէն ետք քրիստոնեաներու ամենաստուար ներկայութեան տարածաշրջանը կը նկատուի: Այլ իրականութիւն մը եւս, թէ Արաբական Ծոցին մէջ տարբեր տեսակի համայնքները քով-քովի են եւ կը գործեն ու կ՚ապրին միասին: Կաթողիկէ համայնքը, Անկլիքան եկեղեցին, Առաքելական եկեղեցին եւ Աւետարանական եկեղեցին: Այնպէս որ, հսկայական ցանց մըն է, ներառած՝ տարբեր լեզուները:

Մենք կը գործենք այս բոլոր եկեղեցիներուն մէջ եւ կը փորձենք Աստուածաշունչը հասցնել բոլորին: Անշուշտ նկատի ունենալով որ ոչ-քրիստոնեայ համայնքներ ալ կան, որոնք կու գան եւ կ՚ուզեն գիտնալ Աստուածաշունչին մասին, կու գան մեր գրասենեակները եւ կ՚ուզեն Աստուածաշունչ ունենալ: Մենք իրենց կը ծախենք եւ ոչ թէ կը նուիրենք, քանի եթէ նուէր տրուի՝ կրնայ համարուիլ մարդորսութիւն. մենք պէտք է հեռու մնանք այդ հանգամանքէն: Իսկ երբ կ՚ըսենք այլ կրօններ, միայն մահմետականութիւը նկատի չունինք. Արաբական Ծոցի այս շրջաններուն մէջ ունինք մեծ թիւով Ասիացիներ, յատկապէս Հնդիկներ եւ այլ ազգերէն ներկայացուցիչներ, որոնք կը պատկանին հինտու կամ պուտտայական կրօններուն, որոնցմէ եւս հետաքրքրութիւններ կան: Այնպէս որ մենք Աստուածաշունչի խօսքը կը տարածենք բոլորին:

«ՆՅ» – Իսկ Աստուածաշնչային նիւթերուն ընտրութիւնը, տարիքային խմբաւորումներու որոշումը, թարգմանութիւնը, ապա հրատարակուելէ ետք սփռումը ինչպիսի՞ ընթացք եւ ընդունելութիւն կ՚ունենան։

Հ.Ճ. – Մենք որպէս Աստուածաշունչի ընկերութիւն պէտք է կարենանք հասցնել Աստուածաշունչը բոլոր ազգութիւններուն, որոնք կ՚ապրին այս տարածաշրջանին մէջ, բայց ատկէ զատ նաեւ ունինք մեծ թիւով ընտանիքներ, որոնք կու գան իրենց երախաներով եւ պատանիներով, ու տակաւին տարբեր լեզուներու պարագան կայ, որ մեզի ձեւով մը կը պարտադրէ տարբեր լեզուներով կարենալ հասնիլ երիտասարդներու եւ պատանիներու: Բայց նաեւ կայ ուրիշ երեւոյթ մը՝ Արաբական Ծոցի տարածաշրջանին մէջ ունինք մեծ թիւով բանուորներ (կին եւ այր): Այս զանգուածին թիւը, ըստ ոչ-պաշտօնական տուեալներու, աւելի քան 15 միլիոն է: Ասոնք կ՚’անցնին հոգեկան եւ հոգեբանական բարդ իրավիճակներու մէջէն: Մենք որպէս Աստուածաշունչի ընկերութիւններ կը հասնինք նաեւ իրենց, որպէսզի հաստատենք, որ այս պայմաններուն մէջ կա՛յ Աստուծոյ խօսքը, որ յոյս կը ներշնչէ: Անշուշտ նաեւ այս խմբաւորումներուն մէջ կան մարդիկ, որոնք գրել կարդալ չեն գիտեր, մենք Աստուծոյ խօսքը կը հասցնենք նաեւ անոնց: Այնպէս որ մեր գործունէութեան ծաւալը մեծ է եւ կ՚ընդգրկէ տարբեր բնագաւառներ, տարբեր ազգութիւններ եւ տարբեր կարիքներ:

«ՆՅ» – Ձեր գործին բերումով յաճախ կը ճամբորդէք եւ այս պատճառով լաւ կը ճանչնաք Սփիւռքը։ Ներկայ սփիւռքի պատմութիւնն է ձեւով մը ձեր հեղինակած յուշագրական երկու հաւաքածոները՝ «Հայուն գոյապայքարի ճանապարհը», «Սփիւռքահայ կեանքեր ինչպէս որ տեսայ», ինչպէս նաեւ անոնցմէ դուրս յաճախ լոյս տեսնող ձեր յօդուածները։ Ինչպէ՞ս կը տեսնէք սփիւռքին ներկան եւ ապագան։

Հ.Ճ. – Այո՛, աշխատանքի բերումով շատ կը ճամբորդեմ եւ քանի Հայ եմ, միշտ ուզած եմ ամէն տեղ Հա՛յը տեսնել: Դժբախտաբար կամ բարեբախտաբար՝ քիչ մը ամէն տեղ Հայ կայ: Կը փորձեմ Հայը տեսնել ոչ անպայմանօրէն տեղեկագրական ուսումնասիրութիւն ընելու, այլ՝ Հայուն ապրած զգացումները, հոգեբանական վիճակը եւ թէ ինչ կը նշանակէ իրեն համար Հայ ըլլալ՝ ինքնութիւն, լեզու եւ այլն: Կը փորձեմ նաեւ նկարագրել տեսածներս:

Սփիւռքը մեծ է, ընդարձակ է, Հայ ենք, բայց տարբեր ենք եւ այս մէկը մենք միշտ պէտք է նկատի ունենանք, զգուշ ըլլանք եւ յարգենք: Այսինքն եթէ ես Լիբանան ծնած եմ, չի նշանակեր թէ Ֆրանսայի մէջ, Հարաւային Ամերիկայի մէջ, Ափրիկէի մէջ, Աւստրալիոյ մէջ, Նոր Զելանտայի մէջ ծնածները նոյնն են: Տարբեր ենք, որովհետեւ ծնած ենք տարբեր երկիրներու մէջ եւ անոնց կենցաղն ու մշակոյթը առած ենք: Սփիւռքը Ցեղասպանութեան արդիւնք է: Այսօր հասանք Ցեղասպանութենէն ետք 4-րդ սերունդին, որ ծնած է սփիւռքի տարբեր երկիրներուն մէջ:

Մենք պէտք է փորձենք տեսնել իրապաշտօրէն սփիւռքը իր այլազանութեամբ եւ տարբերութիւններով, բայց մենք Հայ ենք մեր մշակոյթով եւ լեզուով եւ մա՛նաւանդ մեր պահանջատիրութեամբ: Մեր տարբերութիւնները մեզ պէտք չէ բաժնեն, այլ պէտք է միացնեն, որովհետեւ ասիկա մեզի համար հարստութիւն է, Լիբանանահայը կու գայ իր լիբանանեան փորձառութեամբ, Ֆրանսահայը՝ նոյնպէս, եւ այլն, եւ իւրաքանչիւր փորձառութիւն ուժ մը, կարողութիւն մը ունի եւ երբ այդ փորձառութիւնները քով-քովի բերուին, ատիկա մեծ ներդրում մը կ՚ըլլայ համահայկական իմաստով, ներգրաւելով նաեւ Հայաստանի ներկայութիւնը:

Գալով սփիւռքի ներկային եւ ապագային, ամէն ինչ վարդագոյն չէ, ունինք բնականաբար բազմաթիւ մարտահրաւէրներ. կարգ մը գաղութներու մէջ հայախօսութիւնը տկարացած է, օրինակ հարաւային Ամերիկայի մէջ սպաներէն եւ անգլերէն կը խօսին, բայց հայկական ինքնութիւնը առկայ է, ասիկա է որ զիս կը քաջալերէ: Երբ հայկական ձեռնարկ մը տեղի կ՚ունենայ, բարձր տրամադրութեամբ բոլորը ներկայ կ՚ըլլան: Յատկապէս կ՚ուզեմ ասիկա մատնանշել, որ 1991-ի Հայաստանի անկախացումը նոր թափ տուաւ երիտասարդներուն: Երիտասարդներ, որոնք սփիւռքի մէջ ծնած եւ մեծցած են, անկախ՝ լեզուի իմացութեան աստիճանէն, Հայաստանով վերագտան իրենց ինքնութիւնը, Հայաստանը զօրաւոր կռուան մը եղաւ անոնց ազգային, մշակութային ինքնութիւնը վերագտնելու առումով: Ես միշտ կ՚ըսեմ՝ Հայաստանը շատ կարեւոր դեր ունի խաղալու սփիւռքեան մեր իրականութեան մէջ, ազգային-մշակութային մեր ինքնութեան պահպանուման գործին մէջ:

Ես լաւատես եմ, չեմ ուզեր յոռետես ըլլալ, թէ հայութիւնը պիտի ձուլուի եւ վերջանայ: Մարտահրաւէրները շատ են, բայց եւ այնպէս տակաւին բաւական ճամբայ ունինք կտրելիք՝ կրնանք յաջողցնել: Պէտք չէ յուսահատիլ, գաղութներ ունինք որ բաւական ճգնաժամային օրերու մէջ են, նաեւ գաղութներ կան՝ աւելի բարւոք: Բայց կարելի է ըսել, թէ սփիւռքը կա՛յ, կը մնա՛յ եւ պէ՛տք է մնայ եւ մենք պէ՛տք է շարունակենք լաւատես ըլլալ եւ գոյատեւել:

 

«ՆՅ» – Հայաստանի մէջ եւս կը գործէ՞ Աստուածաշունչի ընկերութիւնը։ Կը գործակցի՞ք։ Հայ առաքելական եւ կաթողիկէ եկեղեցիները ինչպէ՞ս կ՚ընդունին ձեր առաքելութիւնը։

Հ.Ճ. – Այո՛, Հայաստանի մէջ ալ Աստուածաշունչի ընկերութիւն ունինք: Երբ 1991-ին Հայաստանը անկախացաւ, Միացեալ Աստուածաշունչի ընկերութեան կեդրոնատեղին խմբակ մը կազմեց, որպէսզի աշխատինք առաւելաբար նախկին Սովետական միութեան եւ Արեւելեան Եւրոպայի երկիրներուն մէջ: Ինչպէս գիտենք, Խորհրդային միութեան ժամանակ կրօնական, եկեղեցական եւ նման ընկերութիւններ արտօնուած չէին կամ շատ խիստ սահմանափակումներ կային, բայց անկախացումէն ետք այս եկեղեցիներուն աւելի ազատութիւն տրուեցաւ եւ մենք որպէս Աստուածաշունչի ընկերութիւններ այս տարածաշրջանին մէջ մտանք, որ գրասենեակներ հիմնենք: Ինձմէ խնդրուեցաւ, որ Հայաստանի Աստուածաշնչային ընկերութեան հիմքը դնեմ, որովհետեւ ես Հայ էի եւ լեզուական հարց չկար: Եւ ամբողջ վեց տարիներու ընթացքին ես յաճախ Հայաստան գտնուեցայ: Դժուար տարիներ էին, բոլորս ալ գիտենք՝ պատերազմ, շրջափակում, բայց եւ այնպէս այդ տարիներուն հիմը դրինք, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինին հետ գործակցաբար:

Հոս պէտք է բան մը յստակացնենք, որ Աստուածաշունչի ընկերութիւնները միջյարանուանական կազմակերպութիւն մըն են, այսինքն չեն պատկանիր որեւէ համայնքի: Ես կրնամ եկեղեցական համայնքի մը պատկանիլ որպէս անձ, բայց որպէս այս կազմակերպութեան տնօրէն, պէտք է նախանձախնդիր ըլլամ, որ բոլո՛ր եկեղեցական համայնքներուն հետ գործակցիմ: Մենք Էքիւմենիք կազմակերպութիւն մըն ենք: Ասիկա որպէս տնօրէններ մեզի պարտադրուած է, որ մենք պէտք է գործենք բոլոր համայնքներուն եւ բոլոր եկեղեցիներուն հետ, որովհետեւ Աստուածաշունչը բոլորի՛նն է: Հայաստանի մեր գրասենեակը այսօր տակաւին կը գործէ, ունինք խնամակալ մարմին մը, որ կը բաղկանայ բոլոր համայնքներէն՝ հայ առաքելական, հայ կաթողիկէ եւ հայ աւետարանական, որոնք ծաւալուն գործունէութիւն կը տանին Հայաստանի մէջ եւ ասիկա մեծ քաջալերանքի արժանի է:

 

«ՆՅ» – Իսկ Արցախի մէջ եւս գործունէութիւն կը ծաւալէ՞ք։

Հ.Ճ. – Արցախը ինչպէ՞ս կարելի է մոռնալ, Արցախը մեր սրտերուն մէջ է եւ նաեւ Աստուածաշունչի ընկերութեան առաքելութեան ծիրին մէջ կ՚իյնայ: Հայաստանի մեր գրասենեակը յաճախակի գործունէութիւններ կ՚ունենայ՝ գիրքեր կ՚առաքեն, Եկեղեցւոյ հետ կը գործակցին եւ կարելի եղած չափով Աստուածաշունչը կը հասցնեն Արցախի հայ հաւաքականութեան:

«ՆՅ» – Կարդալով ձեր յուշերը, յօդուածները, կ՚անդրադառնանք իւրաքանչիւրին մէջ արտացոլուած գլխաւոր երեք հարցերու՝ մարդը, ընդհանրապէս քրիստոնեան՝ Հայը, իր ապրումներով եւ մտահոգութիւններով, անոր պայքարը եւ որպէս լուծում եւ վերջաբան կու գայ միշտ լաւատեսական մօտեցում մը՝ ինչ ալ ըլլայ նիւթը։ Ուրկէ՞ կու գայ այդ լաւատեսութիւնը։

Հ.Ճ. – Շատ ճիշդ նկատած էք, որ գրութիւններուս մէջ Հայը կարեւոր դեր կը խաղայ, քրիստոնեան կարեւոր հիմք ունի եւ մարդը, որովհետեւ ես քրիստոնեայ եմ, Հայ եմ, բայց միեւնոյն ժամանակ կը հաւատամ համամարդկային յարաբերութեան: Այս իմաստով եռանկիւն մը կը կազմեն այս երեքը, որովհետեւ Հայը չի կրնար մինակը ապրիլ, բայց նաեւ Հայը կ՚ապրի իր քրիստոնէական հաւատքով, վերջապէս նաեւ պիտի չմոռնանք որ մենք առաջին քրիստոնեայ պետութիւնն ենք, բայց նաեւ Հայը կ՚ապրի իր հայկական եւ ոչ-հայկական յարաբերութիւններով, որովհետեւ աշխարհը տարբեր մշակոյթներու եւ տարբեր հաւաքականութիւններու մէկտեղում մըն է:

Ես յաճախ ըսած եմ, որ ուրիշը եթէ հասկնաս, կը նշանակէ՝ ինքզինքդ լաւ հասկցած ես եւ հակառակը՝ եթէ ինքզինքդ լաւ հասկնաս կրնաս ուրիշն ալ լաւ ձեւով հասկնալ, երկուքը զիրար կ՚ամբողջացնեն, այնպէս որ չենք կրնար մենք որպէս Հայ մինակ ապրիլ, մա՛նաւանդ որպէս Հայ քրիստոնեայ, որովհետեւ քրիստոնէական հաւատքը նաեւ մեզ կ՚առաջնորդէ մեր հաւատքը, կենցաղը, ապրելակերպը ուրիշներու հետ բաժնեկցելու:

Այո՛, միշտ լաւատեսութիւն փորձած եմ ունենալ կեանքիս մէջ, անկախ այն երեւոյթէն, որ ապրած եմ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը իր ամբողջութեամբ ու տակաւին Միջին Արեւելքի բաւական վերիվայրումներն ու թոհուբոհերը:

Կեանքիս մէջ ընդհանրապէս սորվեցայ, թէ «ինչո՞ւ»-ն պատասխան չունի եւ «ինչո՞ւ»-ն փոխարինեցի «ի՞նչ»-ով: Ընդհանրապէս կը հարցնեմ «ի՞նչ պիտի ընենք», երբ դժուար օրերու մէջ ենք: Ասիկա Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին սորվեցայ, երբ յաճախ կը հարցնէինք՝ «ինչո՞ւ այս ռումբերը կ՚իյնան», «ինչո՞ւ պատերազմ կ՚ըլլայ», «ինչո՞ւ քարուքանդ կ՚ըլլայ երկիրը», այդ «ինչո՞ւ»-ները պատասխան չունէին: Երբ հարցումը փոխեցի եւ «ի՞նչ»-ով փոխարինեցի, այն ժամանակ սկսայ տեսնել, թէ ինչպէ՛ս կեանքը սկսաւ բացուիլ եւ կազմաւորուիլ առջեւս:

Երբ կը հարցնես «ի՞նչ պիտի ընենք», կեանքը շինելու առաքելութիւնը առջեւդ կը բացուի եւ երբ բան մը կ՚ուզես շինել, ա՛նպայման լաւատեսութիւնը կը յայտնուի: Ասիկա եղաւ կեանքիս հիմքը, փորձեցի ապրիլ, բայց միեւնոյն ատեն ապրեցնել: Ես կը հաւատամ դրական ուժին, ա՛ն է որ կեանք եւ կեանքին մէջ յառաջանալու մղում կու տայ:

Ասիկա է որ կ՚ուզեմ փոխանցել գրութիւններուս եւ Աստուածաշունչի ընկերութեան գործունէութիւններուս միջոցաւ, քանի լաւատեսութիւնն է որ պիտի մղէ եւ չմոռնանք որ մենք քրիստոնեայ ենք, քրիստոնեան Աստուածաշունչի հիման վրայ կ՚ապրի իր կեանքը, եւ երբ Աստուածաշունչով կ՚ապրիս՝ չես կրնար լաւատես չըլլալ եւ ասոր մէկ լաւագոյն օրինակը Քրիստոսն է, որ Իր կեանքը շնորհեց մեզի՝ Իր մահով եւ յարութեամբ մեզի նոր կեանք պարգեւեց, նոր կեանքի յոյսով է որ մենք կ՚ապրինք, նոր կեանքի յոյսով անձ մը չի կրնար լաւատես չըլլալ:

Այնպէս որ լաւատեսութիւնը, դրական ուժը՝ Աստուածաշունչէն ներմուծուած արժէքներ եւ իրականութիւններ են, զորս հաւաքական կեանքիս բոլոր յարաբերութիւններուն մէջ կ՚ուզեմ բաժնեկցիլ. Աստուածաշունչի մէջ համար մը կայ, ուր Պօղոս առաքեալ կ՚ըսէ՝ «Ես ձեզի երկչոտութեան հոգի չտուի, այլ՝ զօրութեան, սիրոյ եւ զգաստութեան»: Զգաստ անձը, միշտ արթուն անձը չի կրնար յոռետես ըլլալ: Զգաստութիւնը քեզ միշտ լաւատեսութեան կը տանի, որովհետեւ միշտ պատրաստ պէտք է ըլլաս բան մը ընելու եւ այդ պատրաստ վիճակին մէջ անպայման կը մտածես լաւատեսութեան մասին, դրական ուժին մասին, որ քեզ զգաստ պահէ եւ որպէսզի կարենաս կեանքը շինել:

 

«ՆՅ» – Դժուար իրադարձութիւններով լի այս ժամանակաշրջանին՝ պատերազմ, թշուառութիւն, գաղթ, անարդարութիւն, համաճարակներ…, քրիստոնէութիւնը իր խօսքը ունի ըսելիք։ Եկեղեցականները բաւարար պատրաստութիւն ունի՞ն 21-րդ դարու մարտահրաւէրները դիմագրաւելու, երիտասարդութիւնը եւ մարդկութիւնը յուզող հարցերուն պատասխաններ տալու։

Հ.Ճ. – Մենք որպէս քրիստոնեաներ այս դժուարութիւններուն մէջ դեր ունինք կատարելու: Ժողովուրդը յոյսի պէտք ունի եւ այդ յոյսը Աստուածաշունչէն կու գայ, իսկ Աստուածաշունչին պատգամը բացատրողը Եկեղեցին եւ եկեղեցականները պիտի ըլլան: Ես այս անդրադարձը կատարած եմ հոգեւոր եւ աստուածաբանական յօդուածներուս մէջ եւ կը տեսնեմ, թէ մարդիկ ինչպէս կը հակազդեն այդ յօդուածներուն, ինչպէս կը գնահատեն եւ պէտքը ունին այդ հաւատքին, հոգեւոր գիտակցութեան եւ Աստուածաշունչի տուած յոյսին, որպէսզի դուրս գան դժուար պայմաններէն:

Այնպէս որ ներկայ ճգնաժամային օրերուն Եկեղեցին իր խօսքը ունի ըսելիք եւ իր առաքելութիւնը ունի ընելիք, որովհետեւ Եկեղեցին չի կրնար լուսանցքի վրայ մնալ, Եկեղեցին հաւաքականութեան մէջ կը մտնէ եւ հաւաքականութեան մէջ իր խօսքը ունի ըսելիք. ես միշտ կ՚ըսեմ, որ Աստուածաշունչը հաւաքականութեան գիրքն է, որ կը մտնէ մեր կեանքի բոլո՛ր բնագաւառներէն ներս եւ ըսելիք ունի մեր քաղաքական կեանքին մէջ, ըսելիք ունի մեր ընկերային, տնտեսական, բարոյական ու կենցաղային կեանքին մէջ:

Ահա թէ ինչո՛ւ ես զարկ կու տամ, որ Աստուածաշունչի դաստիարակութիւնը մեր ազգային դաստիարակութեան ամենակարեւոր հիմնաքարերէն մէկը ըլլայ: Մենք չենք կրնար անջատել ազգային, եկեղեցական դաստիարակութիւնը հայկական դաստիարակութենէն: Որքան որ ալ աշխարհը ապակրօն կը դառնայ եւ կը փորձէ հեռանալ կրօնական դաստիարակութեան ազդեցութիւններէն, յատկապէս Եւրոպայի մէջ, բայց մենք՝ Հայերս պէտք է զգուշ ըլլանք որ ատիկա չընենք: Հոս Եկեղեցին եւ եկեղեցականութիւնը իրենց կարեւոր դերը ունին, բայց նաեւ հայրենի պետութիւնը: Այսինքն մենք պէտք է փորձենք տեսնել, որ քրիստոնէական հաւատքը մեր ամբողջական մշակոյթի կարեւոր հիմքերէն մէկն է:

Մշակոյթը միայն գիրն ու գրականութիւնը, երգն ու պարը չէ, ան մեր ամբողջ կեանքն է եւ կեանքի մէջ քրիստոնէական մեր հաւատքը մեր մշակոյթի հիմքն է եւ ատոր համար մենք պէտք է նախանձախնդիր ըլլանք եւ զգուշ, որ չհեռանանք մեր քրիստոնէական հաւատքէն եւ դաստիարակութենէն՝ մեր ազգային համապարփակ դաստիարակութեան մէջ: Այս իմաստով պէտք է մեր բոլոր եկեղեցիներուն մէջ՝ հայ առաքելական, կաթողիկէ եւ աւետարանական, աշխուժութիւն մտնէ, քանի կարեւորը այն է, որ կարենանք Հայը պահել իր քրիստոնէական արժէքներուն մէջ, անկախ՝ համայնքէն:

Այս է իմ գլխաւոր նպատակս՝ համագործակցիլ երեք համայնքներու կղերականներուն հետ եւ ուղի մը որդեգրել նոր սերունդին մէջ հիմը դնելու քրիստոնէական դաստիարակութեան: Եւ այս իմաստով «Մանուկներու բացատրական Աստուածաշունչը» բաժնուեցաւ բոլոր համայնքներուն, մեզի համար կարեւորը՝ Աւետարանը բոլորին հասանելի դարձնելն է եւ ոչ ուրիշ բան:

Հարցազրոյցը վարեց՝

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ ■

Կապուեցէք այս էջին ամբողջական պարունակութիւնը տեսնելու համար։

Եթէ չունիք բաժանորդագրութիւն, կրնաք այստեղ արձանագրուիլ՝