Նոյեմբեր 29-ին, Հռոմի LUMSA համալսարանին մէջ տեղի ունեցած է «Հայ ժողովուրդի անվերջանալի ողբերգութիւնը» խորագրով համաժողովը:
Բացումին կարդացուած է Իտալիոյ Ծերակոյտի նախագահ Իկնացիօ Լա Ռուսսայի ողջոյնի ուղերձը։
Ելոյթներով հանդէս եկած են Իտալիոյ Ձեռնարկատէրերու քրիստոնեայ միութեան նախագահ, ծերակուտական Ռիքարտօ Փետրիցի, Գեր. Փաոլօ Սելվատաճի, LUMSA համալսարանի տնօրէն Ֆրանչեսքօ Պոնինի, Հայաստանի դեսպան Ծովինար Համբարձումեան, պատմաբան Ֆրանչեսքօ Փափփալարտօ, Եւրոպական խորհրդարանի անդամ Աննա Չինցիա Պոնֆրիսքօ, Լա Վերիթա պարբերականի փոխտնօրէն լրագրող Ֆրանչեսքօ Պորկոնովօ եւ ուրիշներ։
Դեսպան Համբարձումեան իր ելոյթին անդրադարձած է Արցախի շուրջ վերջին զարգացումներուն, Արցախահայութեան ցեղային զտման, հայկական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման ու խեղման, ներկայացնելով Հայաստանի խաղաղութեան օրակարգը՝ մանրամասնելով «Խաղաղութեան խաչմերուկ»-ի հայեցակարգը:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։