Mehr լրատու գործակալութեան համաձայն՝ Յունուար 3-ին Քերման քաղաքին մէջ տեղի ունեցած յաջորդական երկու պայթումներու հետեւանքով կան 100-է աւելի մեռեալներ եւ շուրջ 200 վիրաւորներ, որոնցմէ շատեր ծանր վիճակի մէջ կը գտնուին։
Դէպքը տեղի ունեցած է Քերմանի «Նահատակներու գերեզմանատան» մէջ, ուր հազարաւոր Իրանցիներ կ՚ոգեկոչէին զօրավար Ղասեմ Սուլեյմանիի յիշատակը, վերջինիս մահուան չորրորդ տարելիցին առիթով։
Քերման նահանգի որոշ պաշտօնեաներ միջադէպը որակած են ահաբեկչական գործողութիւն:
Վերջին տեղեկութիւններու համաձայն՝ ամբոխի մէջ պայթած է ռումբեր պարունակող երկու պայուսակ։
Իրանի Անվտանգութեան ծառայութեան և իրաւապահ մարմիններու աշխատակիցները կը հետաքննեն դէպքին հանգամանքները։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։