Search
Close this search box.

ԻՐԱՔԱՀԱՅ ԿԵԱՆՔ – Վարդանանց տօնը՝ Պաղտատի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր եկեղեցւոյ մէջ

Հանդիսապետութեամբ Իրաքահայ թեմի առաջնորդ Օշական եպիսկ. Կիւլկիւլեանի, Փետրուար 9-ին, Սրբոց Վարդանանց Զօրավարաց տօնին առիթով, Պաղտատի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր եկեղեցւոյ մէջ պատարագ մատուցուած է: Պատարագած է Գէորգ քհնյ Արշակեան: 

Իր քարոզին մէջ Առաջնորդ սրբազան հայրը կեդրոնացած է 451 թուականին Վարդանանց Զօրավարաց մղած ճակատամարտին վրայ եւ նշած. “… Աւարայրի ճակատամարտը սովորական պատերազմ ըլլալէ աւելի, ան հայ ազգի լինելութեան եւ ինքնութեան խորհրդանիշն է, Հայ ժողովուրդի նկարագիրը…”։ 

Արարողութեան աւարտին Օշական եպիսկ. Կիւլկիւլեան շնորհաւորած եւ օրհնած է ներկաներէն Վարդան անունը կրողները։

Սուրբ պատարագին, ըստ սովորութեան, ներկայ եղած են ՀՄԸՄ-ի սկաուտները։