Search
Close this search box.

Լիոնի հիւպատոսական տարեկան տօնին ներկայացուած է «Արցախի եւ Ուտիքի ձեռագիր ժառանգութիւնը» ալպոմը

 

Լիոնի կեդրոնական Պելքուր հրապարակին վրայ քաղաքապետարանին նախաձեռնութեամբ Յունիս 15-16-ին տեղի ունեցած է Հիւպատոսական տարեկան տօնը՝ «Մեր արհեստները եւ հմտութիւնները» ընդհանուր խորագրով: 

Տօնին մասնակցած են Լիոնի մէջ գործող հիւպատոսութիւններն ու կազմակերպութիւնները՝ 50 տաղաւարով: 

Հայաստանի ընդհանուր հիւպատոսութեան տաղաւարին՝ պաստառներու, ֆրանսերէն լեզուով նկարազարդ ալպոմներու եւ յուշանուէրներու միջոցով ներկայացուած են հայկական մանրանկարչութիւնը, «Արցախի եւ Ուտիքի ձեռագիր ժառանգութիւնը» ալպոմը, խաչքարերու արուեստը եւ Ջուղայի խաչքարերու ոչնչացման փաստերը, գորգագործութիւնը, կաւագործութիւնը, փայտամշակումը, տարազները, ժանեակագործութիւնը, զարդերը: 

Լիոնի մէջ գործող Միւսքարի ընկերութեան հետ համագործակցաբար ներկայացուած են հայկական հնագոյն կաւագործութեան հմտութիւններն ու արուեստը վերականգնող Գիւմրիի կաւագործութեան նմուշներ: Ցուցադրուած է «Յովհ. Շարամբէեան» ժողովրդական արուեստի թանգարանի «Ինչպէս են ստեղծւում արհեստները» կենդանապատկեր ֆիլմերու շարքը: Առանձին պաստառով ներկայացուած է Թումօն՝ որպէս Հայաստանէն համայն աշխարհ տարածուող նորարարական հմտութիւն: 

Պաստառներու եւ ֆիլմի միջոցով այցելուներուն ներկայացուած են նաեւ Հայաստանի պատմամշակութային յուշարձաններն ու տեսարժան վայրերը, երկրի զբօսաշրջային գրաւչութիւնը, տրամադրուած են տեղեկատուական նիւթեր Երեւանի մէջ կազմակերպուող գինիի եւ Տարազֆեստ տարեկան փառատօներուն մասին, ինչպէս նաեւ ազգային խորհրդանիշերով յուշանուէրներ: Տաղաւարին առանձնայատուկ հմայք հաղորդած է Լիոնի «Նաիրի» պարախումբի պարուհիներու ներկայութիւնը: 

Յունիս 15-ին Հայաստանի տաղաւար այցելած են Լիոնի քաղաքապետ Կրեկորի Տուսէ, անոր տեղակալ Սոնիա Զտորովցոֆ՝ քաղաքապետարանի աշխատակիցներու, բազմաթիւ հիւպատոսներու, բարձրաստիճան պաշտօնեաներու եւ անձնաւորութիւններու ուղեկցութեամբ։

Տօնի երկու օրերուն Հայաստանի տաղաւարը մարդաշատ եղած է եւ մեծ հետաքրքրութիւն վայելած՝ այցելուներու կողմէ, որոնց մէջ մեծ թիւ կազմած են տարբեր երկիրներէ Լիոն այցելող զբօսաշրջիկները: 

Հիւպատոսական տօնի նախօրեակին՝ Յունիս 14-ին Կրեկորի Տուսէի հրաւէրով Լիոնի քաղաքապետարանին մէջ տեղի ունեցած է ընդունելութիւն, որուն մասնակցած են Ֆրանսայի մէջ հաւատարմագրուած եւ տօնին առիթով Լիոն ժամանած դեսպանները եւ Լիոնի հիւպատոսական դասը: