Երկուշաբթի, Մայիս 13-էն ի վեր Նոր Գալետոնիա խռովութիւններու բուռն ալիքի մը անձնատուր եղած է, նահանգային ընտրութիւններուն ընտրական մարմինի սահմանադրական բարեփոխումներու պատճառով:
Ըստ Ֆրանսայի Ներքին գործոց եւ անդրծովեան տարածքներու նախարարութեան՝ խռովութիւնները պատճառ դարձած են արդէն հինգ հոգիի մահուան, որոնցմէ երկուքը՝ ոստիկան։ Վիրաւորուած են նաեւ հարիւրաւորներ, ի շարս որոնց՝ շուրջ հարիւր ոստիկան եւ զինուորական ոստիկան։
Յայտարարուած է արտակարգ դրութիւն, որ սկսաւ գործադրուիլ Չորեքշաբթի, ժամը 20-ին։
Ներքին գործոց եւ անդրծովեան տարածքներու նախարար Ժերալտ Տարմանէն հինգշաբթի, Մայիս 16-ին ամբաստանեց Ազերպայճանը Նոր Գալետոնիոյ մէջ միջամտելու մեղադրանքով, մինչ կղզեխումբը կը գտնուի 1988-էն ի վեր աննախադէպ խռովութիւններու ճիրաններուն մէջ։
Հարցումին, թէ այս ռուսամէտ երկիրը (Ազերպայճան), ինչպէս նաեւ Ռուսաստանն ու Չինաստանը, կը միջամտե՞ն Նոր Գալետոնիոյ մէջ, նախարարը France 2-ի հաղորդումին պատասխանեց, որ Ազերպայճանի պարագան «ցնորք չէ, այլ՝ իրականութիւն», ափսոսալով որ «Գալետոնիոյ անջատողականներէն ոմանք գործարք կնքեցին Ազերպայճանի հետ»:
Ազերպայճանի ազդեցութեան մասին արձագանգները ծաւալեցան Ապրիլին Նոր Գալետոնիոյ Գոնկրէսին եւ Ազերպայճանի Ազգային ժողովին միջեւ համագործակցութեան յուշագրի ստորագրումէն ետք:
Ազերպայճան, որ կը քննադատէ Փարիզը Հայաստանին աջակցութեան պատճառով, 2023 Յուլիսին արդէն Պաքու հրաւիրած էր անջատողականներ՝ Մարթինիքէն, Կույանայէն, Նոր Գալետոնիայէն եւ Ֆրանսական Փոլինեզիայէն։
Այս համաժողովէն ծնունդ առած էր «Պաքուի նախաձեռնող խումբ»-ը, որու նպատակն է աջակցիլ «Ֆրանսայէն ազատագրման ի խնդիր եւ ֆրանսական գաղութատիրութեան դէմ պայքար մղող շարժումներուն»։
Երեքշաբթի օր Ազերպայճանի պետական լրատուական գործակալութեան՝ Azertac-ի ֆրանսերէն հրապարակած յայտարարութեան մէջ «Պաքուի նախաձեռնող խումբ»-ը դատապարտած էր «Քանաքներու (Նոր Գալետոնիոյ բնիկ ցեղախումբը – «ՆՅ») ձերբակալութիւնը եւ Ֆրանսայի իշխանութիւններու բռնարարքները Նոր Գալետոնիոյ մէջ, խաղաղ բնակիչներու նկատմամբ»:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։