“Իրանի արտաքին քաղաքական ուղին բոլորիս պարզ է, հիմնական ռազմավարութիւնը եւ այդ ռազմավարութենէն բխած քաղաքականութիւնը կը ճշդուին կարմիր գծերով՝ երկրի հոգեւոր առաջնորդ Այաթոլլա Խամենէիի միջոցով։ Աւանդաբար նախագահն ու Արտաքին գործոց նախարարը կը տնօրինեն եւ կը գործադրեն այդ ռազմավարութիւնը եւ այդ իմաստով հիմնական փոփոխութիւններ չեմ կարծեր, որ տեղի կ՚ունենան՝ նախագահ Մասուտ Փեզեշքեանի ընտրութեամբ”,– Yerkir.am-ի հետ զրոյցին յայտնած է Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան Խորհրդարանի նախկին երեսփոխան (2012-2020) Կարէն Խանլարեան՝ պատասխանելով հարցումին, թէ՝ Իրանի նոր նախագահի պաշտօնավարման օրօք կառավարման համակարգին մէջ ի՞նչ փոփոխութիւններ տեղի կ՚ունենան։
Դիտարկումին՝ թէ Էրտողան յայտարարած է, որ «Մասուտ Փեզեշքեան իրականութեան մէջ արմատներով թուրք է», Խանլարեան պատասխանած է.
“Էրտողանի ըսածը պատմական խեղաթիւրում է. Իրանի մէջ չկան թուրքեր, կամ շատ քիչ, աննշան թիւով թուրքեր կան։ Իրանի մէջ կան ատրպատականցիներ, այսինքն՝ Ատրպատականի պատմական երկրամասէն, Իրանի հիւսիս-արեւմտեան շրջաններէն սերած ժողովուրդի մասին է խօսքը, որ պատմական համապատասխան ժամանակաշրջանին՝ 16-րդ, 17-րդ դարերուն թրքախօս դարձած է, այսինքն՝ երբ Ատրպատականը կը գտնուէր Օսմանեան կայսրութեան տիրապետութեան տակ՝ արգիլուած էր պարսկերէն խօսիլ, ով որ պարսկերէն խօսէր լեզուն կը կտրէին, սա հրաման էր սուլթանին կողմէ եւ այդ պատճառով այդ երկրամասի ժողովուրդը աստիճանաբար դարձաւ թրքախօս, բայց՝ չդարձաւ թուրք, անոնք թուրք չեն եւ թրքական ծագում չունին։ Այնպէս որ, Էրտողանի յայտարարութիւնը պատմական իրողութեան հետ աղերս չունի”։
Ըստ նախկին երեսփոխանին՝ Իրանի նոր նախագահը ինքնահաստատման նպատակով կը փորձէ զարկ տալ Հայաստան-Իրան փոխյարաբերութիւններուն, որպէսզի ապացուցէ, որ ինք չի շարժիր փանթուրքութեան մղումներով, ինչպէս՝ Էրտողան եւ միւսները կը յայտարարեն։ “Ատոր զուգահեռ, բնականաբար, ան կ՚ողջունէ Հայաստանի Հանրապետութեան որոշ նախաձեռնութիւներ՝ «Խաղաղութեան խաչմերուկ» եւ այլն”,– ըսած է նախկին երեսփոխանը։
Ինչ կը վերաբերի «Սիւնիքի միջանցք»-ի նիւթին, Խանլարեան վստահեցուցած է, որ այդ հարցին մէջ Իրանի կեցուածքը յստակ է, կարմիր գիծերը անփոփոխ կը մնան։ Ըստ անոր՝ թերեւս փոփոխութիւն ըլլայ Փեզեշքեանի խօսոյթին մէջ՝ «միջանցք» բառը «երթեւեկութեան հաղորդակցութիւն»-ով փոխարինելու առումով։ ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։