Search
Close this search box.

ԿԱՐԾԻՔ – Քաղաքագէտ-իրաւաբան Ռոբերտ Մարգարեան. «Բարեկարչական Փեզեշքեանը նախագահ ընտրելով՝ Իրան կը նախապատրաստուի թրամփեան շրջանի աշխարհի համար»

 

Քաղաքագէտ-իրաւաբան Ռոբերտ Մարգարեան Դիմագիրքի իր էջին կը գրէ.

«Շատ կարճ՝ Իրանի նախագահական ընտրութեան արդիւնքին եւ դոկտ. Փեզեշքեանի յաղթանակին մասին:

1. Իրանի նախագահը «ազերպայճանական» ծագում չունի: Իրանի սահմանադրութեամբ ազերպայճանցին չի կրնար Իրանի նախագահ դառնալ: Հայրը իրանցի ազերի, իսկ մայրը քիւրտ է: Ինք ծնած է Իրանի Արեւմտեան Ատրպատական նահանգը: Ի դէպ, անոնք որոնք անոր ատրպատականցի ըլլալը վտանգ կը համարեն կը մոռնան, որ Իրանի հոգեւոր առաջնորդ Ալի Խամենէին ալ ծագումով Իրանի Արեւելեան Ատրպատական նահանգի Խամենէ քաղաքէն է:

2. Հակառակ շատերու ենթադրութեան, որոնք Ճալիլին կը համարէին Իրանի հոգեւոր առաջնորդի սրտի թեկնածուն, իրականութեան մէջ Իրանի հոգեւոր առաջնորդին նկատի ունեցած թեկնածուն նոյնինքն «բարեկարգչական» Փեզեշքեանն էր:

Ատոր համար ունիմ տրամաբանական բացատրութիւն մը.

Իրան կը պատրաստուի թրմափեան ժամանակաշրջանի աշխարհին: ԱՄՆ-ու նախագահական ընտրութեան մէջ Թրամփի հաւանական յաղթանակը Իրանը լուրջ խնդիրներու առջեւ կը կանգնեցնէր եթէ իրանի մէջ իշխանութեան գլուխը ըլլար Ճալիլիի նման անձ մը, որուն վարած բանակցութիւններու հետեւանքով Իրան ենթարկուած էր միջազգային շատ խիստ պատիժներու: Իսկ հիմա «բարեկարգչական» Փեզեշքեանի ներկայութեամբ խաղաքարտերը պիտի փոխուին յօգուտ Իրանի: 

Փեզեշքեանի արտաքին քաղաքականութեան գլխաւոր խորհրդականը Իրանի նախկին Արտաքին գործոց նախարար Զարիֆն է, որ ջերմ ու բարեկամական կապեր ունի եւրոպացի ու նոյնիսկ ամերիկացի շարք մը դիւանագէտներու հետ: Այս պարագան արդէն հաւասարակշռութիւնը կը փոխէ յօգուտ Իրանի:

Առայժմ՝ այսքան»: