Մայիս 23-ին, Կիրանցի մէջ կրկին լարուած էր կացութիւնը։ Բնակիչները կ՚այրեն ու կը քանդեն իրենց գոյքն ու հողը, որոնք պիտի յանձնուին Ազերպայճանին։
Կիրանցի խանութպան մը ըսելով, թէ իր ճակտի քրտինքով վաստկածը պիտի չձգէ թուրքին, փորձած է այրել իր գոյքը, բայց միայն մէկ մասը կրցած է այրել, քանի ոստիկանական ուժերը հրշէջ կառքերով հասած են դէպքին վայրը։ Բնակիչներէն մէկը յայտնած է, թէ իրենց ըսած են պէտք է մէկ օրուան ընթացքին ազատեն իրենց ապրած տարածքը, որպէսզի յանձնեն թշնամիին։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։