Միլանոյի «Ինթեր»-ի կիսապաշտպան Հենրիխ Մխիթարեան «Ինսթակրամ»-ի իր էջին գրառումով հակազդած է Ազերպայճանի կողմէ գերեվարուած եւ ապօրինաբար Պաքուի բանտերուն մէջ շղթայուած Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարներու բանտարկութեան ժամկէտին՝ ազերպայճանական իշխանութիւններու կողմէ երկարաձգման վերաբերեալ լուրին։
Ան նախապէս ալ բողոքած է այս ապօրինութեան մասին՝ պահանջելով ազատ արձակել Ազերպայճանի մէջ շինծու մեղադրանքներով բանտարկուած Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնն ու միւս գերեվարուած հայերը։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։