Փետրուար 20-ին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի նախագահութեամբ, սկսած է Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ժողովը՝ ընդլայնուած կազմով:
Ժողովը բացուած է Տէրունական աղօթքով. այնուհետեւ Վեհափառ հայրապետը ողջունած է Կ․ Պոլսոյ Հայոց պատրիարք Ամենապատիւ Սահակ արքեպիսկոպոս Մաշալեանը։
Ժողովին պիտի քննարկուին Հայաստանի եւ Արցախի շուրջ ընթացող զարգացումներուն, Արցախէն բռնի տեղահանուած հայորդիներու առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներու յաղթահարման, Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանման առնչուող հարցեր։ Ժողովը մասնաւորաբար կ՚անդրադառնայ տարւոյս ընթացքին Մայր տաճարի վերաօծման եւ Միւռոնօրհնութեան կազմակերպութեան խնդրին։
Օրակարգին մէջ ընդգրկուած են նաեւ եկեղեցավարչական, թեմական, կրթադաստիարակչական զանազան հարցեր։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։