Search
Close this search box.

ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ – Արման Թաթոյեան Եէյլ համալասարանին մէջ ներկայացուցած է Ազերպայճանի վարած՝ հայկական ինքնութեան ոչնչացման պետական քաղաքականութիւնը

 

ԱՄՆ-ու  Եէյլ համալասարանին հրաւէրով` «Մաքմիլան» կեդրոնի՝ Ցեղասպանութեան հետազօտութիւններու ծրագրի (Yale Genocide Studies Program) շրջածիրին մէջ, Մարդկային իրաւանց պաշտպան Արման Թաթոյեան ներկայացուցած է Արցախահայութեան արժանապատիւ, անվտանգ ու ապահով վերադարձի հիմնական նշանակութիւնը, Հայութեան նկատմամբ Ազերպայճանի վարած մարդատեաց եւ հայկական ինքնութեան ոչնչացման պետական քաղաքականութիւնը:

Սիւնիքի Կապան համայնքի Ներքին Հանդ գիւղի օրինակով, Թաթոյեան անդրադարձած է Ազերպայճանի յանցագործութիւններուն պատճառով հայ բնակչութեան կրած տառապանքներուն, ներկայացնելով Փետրուար 13-ին Հայաստանի չորս զինուորներու ազերպայճանական կրակոցներու զոհ երթալու փաստը: