Search
Close this search box.

Մհեր Գրիգորեան եւ Շահին Մուսթաֆաեւ սահմանին տեսակցած եւ արձանագրութիւն ստորագրած են

Մայիս 15-ին, Հայաստանի եւ Ազերպայճանի սահմանին 9-րդ անգամ տեսակցած են երկու երկիրներու սահմանի զատման պետական յանձնաժողովներու նախագահներ Մհեր Գրիգորեան եւ Շահին Մուսթաֆաեւ։ Լուրը կը հաղորդէ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը։

Կողմերը քննարկած են ցարդ կատարուած աշխատանքները եւ համաձայնած՝ անմիջականօրէն Բաղանիս (ՀՀ) – Բաղանիս Այրում (Ազերպայճան), Ոսկեպար (ՀՀ) – Աշաղը Ասկիպարա (Ազեր.), Կիրանց (ՀՀ) – Խեյրումլի (Ազեր.) եւ Բերքաբեր (ՀՀ) – Կըզըլ Հաճիլի (Ազեր.) բնակավայրերու միջեւ սահմանագիծի առանձին հատուածներու միատեղ կազմուած արձանագրութիւն-նկարագրութեան շուրջ (պատրաստուած՝ 1976-ի քարտէսի հիման վրայ), Խորհրդային Միութեան փլուզման պահու դրութեամբ գոյութիւն ունեցող իրաւաբանօրէն հիմնաւորուած միջհանրապետական սահմանին համապատասխանեցնելու նպատակով:

Աւարտին ստորագրուած է արձանագրութիւն մը:

Սահմանագիծի հատուածներու՝ համաձայնութեան արժանացած արձանագրութիւնը Փաշինեան մեծ յաջողութիւն կ՚որակէ, ցուցարարները՝ յանցագործութիւն

Մայիս 16-ին գումարուած կառավարութեան նիստին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան մեծ յաջողութիւն որակած է Հայաստանի ու Ազերպայճանի միջեւ վերոնշեալ արձանագրութեան ստորագրումը։

Ան շեշտած է. “Հայաստանի ինքիշխանութեան եւ անկախութեան հետագայ զարգացման եւ ամրապնդման համար դրուել է մի շատ կարեւոր անկիւնաքար. եւ երկրորդ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութիւնից ի վեր առաջին անգամ ՀՀ-ն ունի պաշտօնապէս գծուած սահման, որը էականօրէն մեծացնելու է անվտանգութեան եւ կայունութեան մակարդակը ամբողջ Հայաստան-Ադրբեջան սահմանի երկայնքով”։

Նշենք, թէ սոյն նիստին զուգահեռ բողոքի ցոյց տեղի ունեցած է կառավարութեան շէնքին առջեւ։ Տաւուշի թեմի առաջնորդ Բագրատ արքեպիսկոպոս Գալստանեանի նախաձեռնած ցոյցերուն մասնակցող երեսփոխան Գառնիկ Դանիէլեան յայտարարած է, թէ սահմանի զատման առումով տեղի ունեցածը յանցագործութիւն է։

Ոստիկանները քանի մը շարքով փակած են կառավարութեան ղէնքի մուտքերը եւ ձերբակալած՝ ցուցարարները:

Թէ ի՞նչ հիմքով քաղաքացիները կը ձերբակալուին, յստակ չէ։ Պարեկային ծառայութեան ղեկավարը «Ազատութիւն» լրասփիւռի թղթակցին ըսած է՝ «անհրաժեշտութիւն կար»։