Յունուար 22-ին, Ազերպայճան եւ Ռուսաստան Պաքուի մէջ 2024-2026-ի երկկողմ համագործակցութեան համաձայնագիր ստորագրած են։
Ըստ Ազերպայճանի կառավարութեան մամլոյ ծառայութեան՝ փաստաթուղթը ստորագրած են երկու երկիրներու փոխվարչապետեր՝ Շահին Մուսթաֆաեւ եւ Ալեքսեյ Օվերչուք։
«Փաստաթուղթը՝ առեւտրատնտեսական, ներդրումային, արդիւնաբերական, գիւղատնտեսական եւ շարք մը այլ բնագաւառներու մէջ համագործակցութեան զարգացման ուղղուած յստակ քայլեր կը նախատեսէ»,– նշուած է այս կապակցութեամբ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ։
Կողմերը նաեւ ընդգծած են, թէ 2017-ին՝ նախորդ նմանատիպ փաստաթուղթի ստորագրութենէն ի վեր, երկկողմ ապրանքաշրջանառութիւնը Ազերպայճանի եւ Ռուսաստանի միջեւ կրկնապատկուած է՝ 2023-ին հասնելով 4,3 միլիառ տոլարի։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։