Search
Close this search box.

Նիկոլ Փաշինեան. «Հայաստան չի պատրաստուիր պшտերազմելու Լեռնային Ղարաբաղի համար»

Ապրիլ 22-ին, բրիտանական լրասփիւռներուն տուած հարցազրոյցին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտնած է, որ «Հայաստան չի պատրաստուիր պատերազմ մղելու Լեռնային Ղարաբաղի համար. Հայաստան միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններէն դուրս որեւէ յաւակնութիւն չունի»։ Ան յոյս յայտնած է, որ սահմանի զատման հոլովոյթին շնորհիւ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը կը վերականգնուի:

“Կը կարծեմ, որ սահմանազատման գործընթացին արդէն իսկ կայացած որոշումներով մենք ցոյց տուինք մեր անկեղծութիւնը եւ հաստատեցինք, որ Հայաստանի կառավարութիւնը պատրաստ է իր իրաւասութեան շրջանակին մէջ ձեռնարկելու քայլերու, որպէսզի ազերպայճանական չորս գիւղերու՝ Ղըզըլհաջիլի, Խեյրումլի, Աշաղը Ասկիպարայի եւ Բաղանիս-Այրումի մէջ, ուր հիմա մարդ չ՚ապրիր, հոն մարդոց ապրիլը հնարաւոր դառնայ։

Բայց մենք նաեւ կ՚արձանագրենք, որ այդ նոյն որոշումին շնորհիւ պէտք է Հայաստանի Բաղանիս, Ոսկեպար, Կիրանց, Բերքաբեր գիւղերուն մէջ ալ մարդոց ապրիլը հնարաւոր դառնայ՝ առանց անվտանգային մտավախութեան։

Ահա, սա այն կէտն է, որուն շուրջ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի կառավարութիւնները պէտք է մնայուն խաղաղութեան օրակարգը կարենան վերածել յստակ իրականութեան։ Եւ ճիշդ է, այս հատուածին մէջ մենք տեղային հարցի շուրջ համաձայնեցանք, բայց այս տեղային հարցի շուրջ համաձայնութիւններու իրագործման որակը պիտի աւելցնէ կամ նուազեցնէ հաւատքը [ընդհանուր] խաղաղութեան օրակարգին եւ խաղաղութեան հնարաւորութեան նկատմամբ։ Ես կը հաւատամ, որ պիտի աւելցնէ հաւատքը խաղաղութեան նկատմամբ՝ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Ազերպայճանի հանրութեան շրջանակին մէջ, եւ ի վերջոյ նաեւ վստահութեան որոշ պաշար պիտի կուտակէ։ Եկէ՛ք խոստովանինք, որ խոր անվստահութիւն կայ: Նաեւ կ՚ուզեմ գնահատանքս յայտնել սահմանազատման հարցերու յանձնաժողովներու անդամներուն եւ երկու համանախագահներու կատարած աշխատանքին նկատմամբ. անոնք կը փորձեն մոլեքիւլ առ մոլեքիւլ վստահութիւն կառուցել, որուն խնամքով վերաբերելու պարագային՝ կնայ զարգանալ, խնամքով չվերաբերելու պարագային կրնայ փլուզուիլ”,– յայտարարած է Փաշինեան: