Սեպտեմբեր 24-ին, ՄԱԿ-ի ընդհանուր համաժողովի 79-րդ նստաշրջանի շրջանակին մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հանդիպումը:
Երկու երկիրներու ղեկավարները մանրամասնօրէն անդրադարձած են Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու բնականոնացման հոլովոյթի ծիրին մէջ ցարդ կատարուած քայլերուն եւ գոյացած համաձայնութիւններուն, ընդգծելով առանց նախապայմանի սոյն աշխատանքը շարունակելու եւ երկկողմ յարաբերութիւններուն նոր ազդակ հաղորդելու իրենց պատրաստակամութիւնը: Քննարկուած են նաեւ տարածաշրջանային հարցեր:
Վարչապետ Փաշինեան նախագահ Էրտողանը տեղեակ պահած է Հայաստան-Ազերպայճան տարուող բանակցութիւններու լոյսին տակ՝ համաձայնութեան պայմանագիրը ստորագրելու Հայաստանի պատրաստակամութեան, ինչպէս նաեւ կառավարութեան «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախաձեռնութեան մասին:
***
Հանդիպումի աւարտին, վարչապետ Փաշինեան Էրտողանին յանձնած է «Խաղաղութեան խաչմերուկ» ծրագիրը ներկայացնող գրքոյկ մը, իսկ Էրտողան ալ իր կարգին Փաշինեանին յանձնած է գիրք մը, որ իր էութեան բերումով բաւական մեծ աղմուկ յառաջացուցած է հայկական աշխարհին մէջ։ «Աւելի արդար աշխարհ մը կարելի՛ է» խորագրեալ խնդրոյ առարկայ գիրքին հեղինակն է նոյնինքն Էրտողանը։ Հատորին մէջ Թուրքիոյ նախագահը կը ներկայանայ աշխարհի բոլոր չարիքներուն՝ անարդարութեան, անհաւասարութեան, խտրականութեան, կաշառակերութեան, գաղթերու պատճառ դարձող պատերազմներու եւ այլնի դէմ անխնայ պայքար վճռածի պատմուճանով, մինչդեռ այս պատուհասներու ամէն մէկէն, առանց բացառութեան, կարելի է զինք պատասխանատու նկատել։ Ամփոփ ըսած՝ բռնակալի մը խօսքն է, որ իր իսկ գործած չարիքներուն դէմ պայքարի գաղափարախօսութեամբ՝ կը փորձէ իր եւ իր երկրին ազդեցութեան դաշտը ընդլայնել տարածաշրջանին եւ ինչու չէ՝ համայն աշխարհի մէջ։
Բայց, հոս, բուն խնդիրը այս չէ։ Խնդիր յարուցողը՝ նշեալ հատորի յանձնումի պահուն առնուած նկարն է, ուր Փաշինեան կ՚երեւի աւելի քան ժպտուն ու երջանիկ, գիրքն ալ թեւին տակ սեղմած՝ իւրացուցածի երեւոյթով։ Բնականաբար, լուսանկարները՝ ըստ իրենց առնուած պահուն կրնան ըլլալ խաբուսիկ ու ճշմարիտ մթնոլորտը խեղաթիւրող, բայց եւ այնպէս աղմուկը արդէն բարձրացուած է անկեղծ կամ չար լեզուներու կողմէ։ Արդարօրէ՞ն, թէ՞ անարդարօրէն… Աստուած գիտէ միայն։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։