Թրքական Haber Global հեռատեսիլին տուած հարցազրոյցին, Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւթ Չաւուշօղլու յայտարարած է, թէ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը Ազերպայճան-Հայաստան գործընթացէն առանձնացնելը իրատես մօտեցում չէ։ Ան իր միտքը բացատրած է, ըսելով որ՝ «Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութիւն կրնայ հաստատուիլ մի՛այն Ազերպայճանի եւ Հայաստանի միջև համապարփակ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրութեամբ»:
Թուրք նախարարը յիշատակած է Ազերպայճանի՝ Հայաստանին ներկայացուցած հինգ հիմնական կէտերու առաջարկը եւ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ սահմանային միատեղ յանձնաժողովի ստեղծումը, ընդգծելով՝ «Զանգեզուրի միջանցք»-ի հարցը, որուն Հայաստան,– ըստ իրեն,– կ՚ընդդիմանայ:
Նկատի ունենալով 2020-ի եռակողմ յայտարարութիւնը՝ ան ըսած է․- “Եղբա՛յր, ատիկա Ռուսաստանի մասնակցութեամբ ձեր ստորագրած եռակողմ յայտարարութեան մէջ նշուած է, հիմա դուն ըսէ՝ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութիւն կ՚ուզե՞ս, թէ՞ ոչ”:
Թուրք նախարարը, Հայաստանին կրկին դասեր քաղելու կոչ ընելով՝ նշած է, թէ «եռակողմ յայտարարութենէն անցած է շուրջ երկու տարի, սակայն Ղարաբաղի մէջ տակաւին հայ զինուորներ կան, իսկ անոնք պէտք էր քաշուէին ռուսական խաղաղապահ ուժերու մուտք գործելէն ետք»:
Չաւուշօղլու վստահեցուցած է, թէ թրքական կողմը Հարաւային Կովկասի մէջ կայուն խաղաղութեան կը ձգտի:
Ան ըսած է՝ «Հայաստանի այն յայտարարութիւնները, թէ հայկական Սփիւռքէն մեծ ճնշում կայ Հայաստանի իշխանութիւններուն վրայ, չեն համապատասխաներ իրականութեան»:
“Այո՛, ընթացող գործընթացներուն ընդդիմացողներ կան, յատկապէս ԱՄՆ-ու եւ Ֆրանսայի մէջ, սակայն անոնք հայկական Սփիւռքի մեծամասնութիւնը չեն, փոքրամասնութիւն են: Հայաստանի վերջին ընտրութիւններուն Փաշինեան ուժեղ աջակցութիւն ստացած է: Եկէ՛ք Հարաւային Կովկասի մէջ հաստատենք համագործակցութիւն եւ խաղաղաղութիւն, որմէ ամէնէն շահաւորը դուրս պիտի գայ Հայաստանը”,– ընդգծած է Չաւուշօղլու:
Ան անդրադարձած է Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յատուկ բանագնացներու հանդիպման, նշելով որ՝ անոնց պարտականութիւնը յարաբերութիւններու կարգաւորումն է: Ըստ անոր՝ օդային հաղորդակցութեան եւ առևտուրի բնագաւառին մէջ որոշ քայլեր արդէն իսկ առնուած են: Չաւուշօղլու ընդունած է, որ սահամամերձ վայրերու մէջ կարգ մը աշխատանքներ կը տարուին, որպէսզի, ըստ իրեն՝ եթէ որոշում կայացուի սահմանները բանալու, իրենք պատրաստ ըլլան:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։