Չինաստանի թանգարաններու միջազգային օրը՝ Մայիս 18-ին, Շանկսի նահանգի Շիան քաղաքին մէջ բացուած է «Ծաղկած նռնենին՝ Նոյի երկրէն» խորագրով ցուցահանդէսը, ուր ներկայացուած են Երեւանի Պատմութեան թանգարանի հաւաքածոյէն 94 բացառիկ ցուցանմուշներ՝ 18-20-րդ դարերու աւանդական տարազներ, գորգեր, արծաթեայ զարդեր, ասեղնագործութիւն, սպասք:
Ցուցահանդէսը կազմակերպուած է «Հայ-չինական գործընկերութեան կեդրոն»-ի, Երեւանի Պատմութեան թանգարանի եւ Շիանի թանգարանի միջեւ կնքուած համագործակցութեան պայմանագրին համաձայն։
Բացման արարողութեան ներկայ եղած են պաշտօնական հիւրեր, արուեստագէտներ, մշակոյթի գործիչներ, այցելուներ։
Բացման օրուընէ ի վեր ցուցահանդէսին օրական այցելուներու թիւը գերազանցած է տասը հազարը:
Բացման արարողութենէն ետք, Պատմութեան թանգարանի փոխտնօրէնը երկժամեայ դասախօսութեամբ ներկայացուցած է Հայաստանի եւ մայրաքաղաքի պատմութիւնն ու մշակոյթը։
Ցուցահանդէսը բաց կը մնայ մինչեւ Օգոստոս 18։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։