Search
Close this search box.

ՊԱՔՈՒ – Ռաշիտ Բեգլարեան «ընդունած է», որ «Խոճալուի դէպքերը ցեղասպանութիւն էին»

Պաքուի Սապունճու շրջանային դատարանին մէջ Յունիս 7-ին տեղի ունեցած է Խոճալուի ջարդերուն մասնակցելու մեղադրանքով ամբաստանուող արցախցի Ռաշիդ Բեգլարեանի քրէական դատավարութեան նոր նիստը։

Ինչպէս կը հաղորդէ ազերպայճանական «ԱՓԱ» գործակալութիւնը, այս նիստին ան «ընդունած է», որ Խոճալուի դէպքերը ցեղասպանութիւն կը համարուին։

Այս նիւթով իր լրատւութեան մէջ «ԱՓԱ» կը գրէ.

«Ֆիզուլիի ռազմական դատարանի դատաւոր Ալի Սիւլեյմանովի գլխաւորած՝ Բեգլարեանի նկատմամբ հետաքննութեան ընթացքին պարզուած է, որ Ֆրանսայէն անոր հաշիւին փոխանցուած է գրեթէ 2 միլիոն եւրօ։ Բեգլարեանի պնդումով՝ Ֆրանսայէն որոշ մարդիկ այս գումարը նուիրաբերած են իրեն օգնելու համար։

Բեգլարեան կը պնդէ, որ թէեւ ջարդերու ընթացքին գտնուած է Խոճալու քաղաքը, բայց եւ այնպէս չէ մասնակցած ջարդերուն։

Դատարանը անոր հարց տուած է, թէ արդեօք Խոճալուի դէպքերը ինք կը համարէ՞ ցեղասպանութիւն, թէ՞ ո՛չ։ Ան պատասխանած է. “Ինչո՞ւ ինծի կը հարցնէք. հոն տեղի ունեցածը ցեղասպանութիւն է”:

Դատավարութիւնը կը շարունակուի Յուլիս 12-ին»։

***

Յիշեցնենք, որ 62-ամեայ այս խեղճ մարդը անցեալ տարի օգոստոսեան գեղեցիկ առաւօտ մը, իր հայրենի Արցախի մէջ ճամբան կորսնցնելով՝ յայտնուած էր ազերպայճանական ուժերու վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքի մը մէջ, ու գերեվարուած ու յանձնուած էր Ազերպայճանի «արդարադատութեան», որ անոր անմիջապէս փակցուց «Խոճալուի ջարդարար»-ի պիտակը, ամբաստանութիւն մը, որ ան միշտ ալ հերքեց։

Արդէն 10 ամիսէ ի վեր տեւող տանջալից եւ հիւծող դատավարութենէն ետք (յատկապէս նկատի ունենալով անոր տարիքն ու առողջական վիճակը), այսօր անհրաժեշտ չէ սուր երեւակայութիւն ունենալ՝ գուշակելու համար, թէ ան ինչպիսի պայմաններու մէջ «խոստովանած է», թէ «Խոճալուի ջարդերը ցեղասպանութիւն էին»։