Ազերպայճանական լրասփիւռներու համաձայն՝ կը նախատեսուի երկարաձգել գերութեան մէջ գտնուող Արցախի բոլոր նախկին ղեկավարներու բանտարկութեան ժամանակաշրջանը։
Այս կապակցութեամբ Ազերպայճանի իշխանութիւններու կողմէ կազմակերպուած խեղկատակ դատական նիստերուն համապատասխան դիմումներ ներկայացուած են դատարան։
Անկէ առաջ հաղորդուած էր, թէ Արցախի նախկին նախագահ Արկադի Ղուկասեանի բանտարկութիւնը երկարաձգուած է հինգ ամիսով։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։