Search
Close this search box.

ՊՐԻՒՍԷԼ – ԵՄ-ի ռազմական յանձնաժողովի նախագահը Հայաստանը կարեւոր գործընկեր կը համարէ

Եւրոպական Միութեան (ԵՄ) մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայացուցչութեան ղեկավար, դեսպան Տիգրան Բալայեան հանդիպում ունեցած է ԵՄ-ի ռազմական յանձնաժողովի նախագահ, աւստրիացի զօրավար Ռոպերթ Պրիկըրի հետ։ Վերջինս ներկայացուցած է ռազմական եւ պաշտպանական բնագաւառին մէջ ԵՄ-ի ռազմավարութիւնը եւ անկէ բխող առաջնահերթութիւնները, համաեւրոպական անվտանգութեան տեսլականը՝ այդ շրջածիրէն ներս նշելով, թէ Հարաւային Կովկասի մէջ Հայաստան ԵՄ-ի կարեւոր գործընկերն է։ 

Իր կարգին, դեսպան Բալայեան բարձր գնահատած է Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն ընդհանուր գործակցութեան մակարդակը՝ ընդգծելով անոր անվտանգային եւ պաշտանական բաղադրիչին ընդլայնման կարեւորութիւնը։ Ան իր խօսակցին ուշադրութիւնը հրաւիրած է Հայաստանի կառավարութեան կողմէ իրագործուող զինուած ուժերու բարեփոխումներու ծրագրին վրայ՝ այդ առնչութեամբ շեշտելով ԵՄ-ի աջակցութեան անհրաժեշտութիւնը։ 

Անդրադառնալով Հայաստանի մէջ ԵՄ-ի քաղաքացիական դիտորդական առաքելութեան գործունէութեան, դեսպանը նշած է, թէ ան կարեւոր կայունացնող դերակատարութիւն ունի տարածաշրջանային անվտանգութեան տեսանկիւնէն։ 

Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են Հարաւային Կովկասի եւ Արեւելեան Եւրոպայի վերջին զարգացումներուն, տարածաշրջանային անվտանգութեան հեռանկարներուն եւ համագործակցութեան կարելիութիւններուն շուրջ։