Եւրոպական Միութեան (ԵՄ) Արտաքին քաղաքականութեան հարցերու մամլոյ բանբեր Փեթեր Սթանօ՝ Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի՝ Ֆրանսայի հասցէին եւ ֆրանքեւհայկական ռազմական համագործակցութեան ուղղուած մեղադրանքներուն ու սպառնալիքներուն ի պատասխան նշած է, թէ ԵՄ-ի սեփական պատմութիւնը ցոյց կու տայ, որ երկար հակամարտութենէն ետք երկիրներու միջեւ վստահութեան ձեւաւորումը ներողամտութիւն, համբերութիւն եւ ժամանակ կը պահանջէ։
Յունիս 25-ին, Պրիւսէլի մէջ «Արմէնփրէս»-ի թղթակցին հարցումին պատասխանելով՝ Սթանօ վերահաստատած է ԵՄ-ի պատրաստակամութիւնը՝ աջակցելու խաղաղութեան հոլովոյթին։
“Հայաստանի ինքնիշխան իրաւունքն է՝ ընտրել իր անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան գործընկերները։ ԵՄ-ը կը շարունակէ աջակցիլ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին, յառաջընթաց արձանագրելու բոլոր ջանքերուն եւ կը խրախուսէ վճռական քայլերը՝ տարածաշրջանին մէջ կայուն եւ յարատեւ խաղաղութեան հասնելու համար”,– շեշտած է դիւանագէտը։ ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։