Ռուբէն Վարդանեանի գրասենեակէն կը հաղորդեն, թէ միջազգային ճնշումներու շնորհիւ, Արցախի մէջ ապօրինաբար բանտարկուած Ռուբէն Վարդանեան 21-օրեայ մեկուսացումէն ետք, երկրորդ անգամ կրցած է հեռաձայնել ընտանիքին, այս անգամ խօսելով կնոջ՝ Վերոնիքա Զոնապենտի հետ։ Վերջինս խնդրած է իրմէ՝ դադրեցնել հացադուլը, նկատի ունենալով իր առողջական վիճակի վատթարացումը։
Կարճ զրոյցին ընտանիքը անոր տեղեկացուցած է ամբողջ աշխարհէն տարբեր պաշտօնատարներու ճնշումներուն մասին: Տեղեկանալով հայ բանտարկեալները ազատելու ընդհանուր շարժումին եւ անսալով ընտանիքին խնդրանքին՝ Ռուբէն Վարդանեան դժկամութեամբ համաձայնած է ընդհատել հացադուլը։ ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։