Search
Close this search box.

Ս.  ՓԵԹԵՐՍՊՈՒՐԿ – Էրմիթաժի մէջ բացուած է Էրեբունի թանգարանի անկիւնը

Փետրուար 14-ին, Ս.Փեթերսպուրկի պետական Էրմիթաժ  թանգարանի «Ուրարտու» դահլիճին  մէջ  բացուած  է  ուրարտական  շրջանի  հնագոյն  քաղաք  Էրեբունիի անկիւնը։ Այնտեղ ցուցադրուած են երեք հնագիտական նմուշներ Հայաստանի Էրեբունի թանգարանէն: Անոնցմէ մէկը Երեւանի ուրարտական դամբարանէն գտնուած աճիւնասափորն է, որ  կը ներկայացնէ ուրարտական ժամանակաշրջանի թաղման ծէսը, միւսը Նոր Արմաւիրէն գտնուած երկու  կանթով սափորն է, որ կը վերաբերի ուրարտական եւ յետուրարտական ժամանակաշրջանին եւ երրորդը Էրեբունիի սեպագիր արձանագրութիւնն  է։  Այս  վերջինի  պարագային  նշենք, թէ  նմանօրինակ  չորս  արձանագրութիւններ  կան, որոնցմէ  մէկը  այժմ  կը  ցուցադրուի  Էրմիթաժի  մէջ։

Բացման  հանդիսաւոր  արարողութեան  ներկայ  գտնուած  են  Էրմիթաժ  թանգարանի  տնօրէն Միխայիլ Փիոթրովսքի, Ռուսաստանի  մէջ  Հայաստանի  դեսպան Վաղարշակ Յարութիւնեան, Ս.Փեթերսպուրկի փոխնահանգապետ Պորիս Փիոթովսքի, հայ եկեղեցւոյ հոգեւորականներ եւ այլ բարձրաստիճան պետական անձնաւորութիւններ, ինչպէս նաեւ՝ հայ համայնքի ներկայացուցիչներ:

Դեսպան  Յարութիւնեան  իր  ելոյթին  նշած  է, որ ներկայացուած նմուշները կարելիութիւն  կը  ստեղծեն  ծանօթանալու  Հայաստանի հնագոյն պատմութեան։ “Ժամանակակից տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու դարաշրջանին  քանի  մը  վայրկեանի  ընթացքին  կարելի  է խեղաթիւրել արիւնով եւ մարդկային սխրանքներով կերտուած ժողովուրդներու պատմութիւնը։ Եւ  այս  կը վերաբերի նաեւ Հայաստանի հնագոյն պատմութեան, զոր այսօր ուրիշները կը փորձեն աժանագին գործիքակազմով փոխել՝ ծառայեցնելով իրենց սեփական երկրի շահերուն”,– ընդգծած է ան:

Իր կարգին, Էրմիթաժ թանգարանի տնօրէնը  յայտնած  է, թէ  հայ ժողովուրդը մեծ աւանդ ունի համաշխարհային քաղաքակրթութեան զարգացման գործին  մէջ, որու վկայութիւններէն են ներկայացուած նմուշները: “Մենք այսօր կը  յայտարարենք Կարմիր բլուրի  մէջ ռուս-հայկական հնագիտական արշաւներու վերածնունդի մասին։ Այնտեղ օրին հսկայածաւալ պեղումներ  կատարուած  են, որոնց շնորհիւ գտնուած իրերու մէկ մասը ցուցադրութեան ներկայացուած  է”,– նշած  է ան։

Դեսպան Յարութիւնեան շնորհակալութիւն  յայտնած  է  տնօրէնին՝ Հայաստանի եւ Ռուսաստանի միջեւ մշակութային երկխօսութեան զարգացման գործին  մէջ  ունեցած  յատկանշական  դերակատարութեան  համար  եւ  վերջինիս  շնորհած Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի նախարարութեան  շքանշանը։

Յայտնենք, թէ  թանգարանային համագործակցութեան ծիրէն ներս  յառաջիկային Երեւանի  մէջ  կը  բացուի Էրմիթաժի անկիւն մը: