Անցեալ ամսուան վերջաւորութեան Վենետիկի Սուրբ Ղազարի վանքին մէջ հաւաքուած են Հայ մշակութային եւ գիտական ընկերակցութեան (The Armenian Society of Fellows – ASOF) յիսուն գիտնականներ ու փորձագէտներ համագումարի մը համար, որուն 59 ուրիշներ ալ մասնակցած են հեռակայ կարգով: Համագումարը կը բաղկանար մէկ ամբողջական օրէ՝ ներկայացումներով ու քննարկումներով, իսկ մէկ այլ օր ալ նախատեսուած էին փոքր խումբերու հանդիպումներ, որոնք պիտի կեդրոնանային յաջորդ փուլերու ծրագրման վրայ:
Հայր Համազասպ վրդ. Քէշիշեան Մխիթարեան միաբանութեան անունով ողջունած է ներկաները, ըսելով որ՝ վանական միաբանութիւնը միշտ իր անսասան աջակցութիւնը ցուցաբերած է հայ ազգի զարգացման նպաստող բոլոր նախաձեռնութիւններուն։ Ապա, ASOF-ի գործադիր խորհուրդի ատենապետ Անի Աբրահամեան ներկայացուցած է կազմակերպութեան նպատակներն ու հանդիպման օրակարգը:
Յունիս 27-ի նիստը բովանդակած է գիտութիւններու, ընկերային գիտութիւններու, միջազգային իրաւունքի, փիլիսոփայութեան եւ լրասփիւռներու ու հաղորդակցութեան աշխատանքային խումբերու շարք մը զեկուցումներ: Յետմիջօրէին տեղի ունեցած է երկու ժամ տեւողութեամբ կլոր սեղան, որու ընթացքին քննարկուած են Սփիւռքի եւ Հայաստանի միջեւ անցեալ եւ ապագայ յանձնառութիւններն ու Հայաստանի աշխարհաքաղաքական դիրքին վերաբերող հարցեր:
Յունիս 28-ին, 36 անդամներ փոքր խումբերով քննարկած են Հայաստանի մէջ կրթութեան մարտահրաւէրներն ու կարելիութիւնները, գիտութիւններու եւ ընկերային գիտութիւններու աշխատանքային խումբերու յաջորդ քայլերը, ինչպէս նաեւ մշակած են նոր հանդիպումներու ծրագրեր: Համագումարը վերջ գտած է Յունիս 28-ի երեկոյեան։
ASOF կ՚իրագործէ շարք մը ծրագրեր, ինչպէս՝ Հայաստանի մէջ միջազգային իրաւունքի կեդրոնի եւ գիտական կեդրոնի ստեղծումը:
Համագումարէն առաջ անդամներուն մէջ կատարուած հարցախոյզը ցոյց տուած է, որ կրթութիւնն ու հետազօտութիւնը հիմնական առաջնահերթութիւն են Հայաստանի մէջ, որոնց վրայ պէտք է աշխատի ASOF. կը յաջորդեն երկրին անվտանգութիւնը, անոր հարստութիւնն ու տնտեսութիւնը:
Համագումարի աւարտին, հայր Սերոբ վրդ. Չամուրլեան Մխիթարեան միաբանութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնած է մասնակիցներուն՝ մաղթելով յաջողութիւն իրենց նախաձեռնութիւններուն մէջ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։