Ֆրանսայի նորանշանակ Մշակոյթի նախարար Ռաշիտա Տաթի, որ ծանօթ է Պաքուի հետ իր սերտ յարաբերութիւններով, նախարարի պաշտօնին նշանակուելէն ետք՝ Երեքշաբթի, Մարտ 19-ին ներկայացուցած է իր անդրանիկ զեկուցումը Ազգային ժողովի Մշակութային հարցերու յանձնաժողովին։
Անոր զեկուցումին մէջ, ի պատասխան երեսփոխանուհիի մը հարցումին՝ կայ բաժին մը, որ կը վերաբերի (իբրեւ թէ) Արցախի հայկական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման ու պաշտպանութեան։ Տաթի կ՚ըսէ, թէ ինք «շատ մտահոգ» է «հայկական այս բացառիկ հարստութեան պահպանութեան հարցով» ու «շատ մտահոգ» է նաեւ «ի տես Լեռնային Ղարաբաղի այս քրիստոնէական, ՀՐԷԱԿԱՆ հարստութեան աւերման»։
Այնուհետեւ յարգելի տիկին Տաթի այս հարցէն կը ցատկէ Հայաստանի մշակութային ժառանգութեան պահպանման, կը խօսի Գառնիի տաճարի եւ Նիմի «Մեզոն Քառէ»-ի միջեւ գործակցութեան յուշագրին մասին եւ այլն։ Այս հարցով զեկուցումի աւարտին ալ կ՚ըսէ, թէ կ՚ողջունէ աշխատանքները որոնք կը նախատեսեն «եւրոպական մշակութային ուղեգիծ»-ի մը ստեղծումը՝ հայկական մշակութային ժառանգութեան համար ալ, այնպէս ինչպէս գոյութիւն ունի հրէական մշակութային ժառանգութեան պահպանման ուղեգիծ մը։
Զեկուցումը լսելով (առնուազն վերեւ նշուած խնդրոյ առարկայ բաժինը), ճիշդ ու ճիշդ այն տպաւորութիւնը կ՚ունենանք, որ դասը չսորված աշակերտ մը ուսուցչին կողմէ գրատախտակ կանչուած է եւ իր հատ ու կենտ գիտցածներով բաներ մը կը բարբաջէ կամ կը փորձէ բարբաջել։ Նախարարուհիին առոգանութենէն ալ ի յայտ կու գայ որոշ պրկուածութիւն մը, կը ծամծմէ որոշ բառեր, ներառեալ՝ «հայկական»-ը։ Յամենայն դէպս ակներեւ է, որ չի տիրապետեր նիւթին ու բնականօրէն հանգիստ չի պատասխաներ յղուած հարցումին։ Երբ տրուած դպրոցականի օրինակը փոխադրենք Ֆրանսայի նման երկրի մը Մշակոյթի նախարարի պաշտօնին կոչուածի մը պարագային՝ այնքան ալ «զուարճալի» չ՚ըլլար արդիւնքը, մա՛նաւանդ երբ հարցը կը վերաբերի Արցախի մէջ ամէն օր քիչ մը աւելի անհետացուող մեր դարաւոր մշակութային ժառանգութեան։
Իսկ ազերպայճանական ակնոցով դիտելու պարագային՝ բացառութեամբ նախարարուհիին տեղ մը գործածած «աւերում» բառին՝ ան, քննութիւնը լիովին յաջողած է, կատարելապէս զանց առնելով Ազերպայճանի անունին առնչումը տուեալ հարցին, կատարելապէս շրջանցելով «Լեռնային Ղարաբաղի Հայութիւն»-ն ու անոր մշակութային հարստութիւնը։ Այս պայմաններուն մէջ «աւերում» եզրն ալ թող գործածուած ըլլայ, վնաս չունի, ի վերջոյ յայտնի ալ չէ թէ ո՞վ է աւերողը, այնպէս չէ՞…
Տեսանիւթը՝ հետեւեալ կապով.
https://x.com/patrickroc99529/status/1770438070841536940?s=46&t=eM5BEj6nxP2I8UI4sVY0Zg
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։