Կովկասի մահմետականներու վարչութեան նախագահ, Ազերպայճանի հոգեւոր առաջնորդ Շեյխ-ուլ-իսլամ Ալլահշիւքիւր Փաշազատէ Ապրիլ 10-ին յայտարարելով, թէ տարեվերջին Պաքուի մէջ տեղի պիտի ունենայ կրօնական առաջնորդներու համաժողով մը՝ նշած է, որ «Գարեգին Բ. կաթողիկոս ժողովին կը հրաւիրուի եթէ փոփոխութեան ենթարկէ իր կեցուածքը եւ ճանչնայ որ Ղարաբաղը Ազերպայճան է»։
Ան ըսած է, թէ «Հայկական եկեղեցին՝ Գարեգին Բ. կաթողիկոսի գլխաւորութեամբ, վրէժխնդրութիւն կը քարոզէ եւ կը մերժէ Ղարաբաղը ճանչնալ որպէս Ազերպայճանի տարածք»։
“Օրին, ես կաթողիկոսը հրաւիրեցի Ազերպայճան, ան եկաւ եւ մասնակցեցաւ կրօնական համաժողովին։ Այսօր անոնք չեն կրնար հաշտուիլ այն իրողութեան հետ, որ Ազերպայճան ազատագրած է իր հողերը։ Անոնք տակաւին համաձայն չեն, որ Ղարաբաղը ազերպայճանական հող է”,– աւելցուցած է Փաշազատէ՝ Հայց. եկեղեցին մեղադրելով նաեւ «օտար հովանաւորներու հրահանգով գործելուն» համար։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։