Search
Close this search box.

Փաշինեան. «Հայաստան պատրաստ է վերականգնելու Ազերպայճանի եւ Հայաստանի միջեւ երկաթուղային հաղորդակցութիւնը»

Դեկտեմբեր 14-15, Երեւանի մէջ տեղի ունեցող՝ Զարգացման ընթացքի մէջ գտնուող՝ դէպի ծով ելք չունեցող երկիրներու նախարարական հանդիպումի իր ելոյթին վարչապետ Փաշինեան յայտարարած է, թէ Հայաստան պատրաստ է վերականգնելու երկաթուղային հաղորդակցութիւնը Ազերպայճանի եւ Հայաստանի միջեւ, ներառեալ՝ նախապէս գոյութիւն ունեցած երկաթուղիներու միջոցով։

“Առաջինը հիւսիսային ուղին է, որ ազերպայճանական Ղազախի շրջանը կը կապէ Հայաստանի Տաւուշի մարզին, երկրորդը՝ հարաւային ուղին է, որ Ազերպայճանի արեւմտեան շրջանները կը կապէ Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան հետ։

Մենք կը կարծենք, որ Ազերպայճանի արեւմտեան շրջանները Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան եւ արտաքին աշխարհի հետ կրնան կապուիլ նաեւ հիւսիսային ուղիով”,– նշած է ան։

Ըստ Փաշինեանի՝ յաջորդը կառուղիներն են, որոնք կրնան ունենալ հիւսիսային, միջին եւ հարաւային ուղիներ, որոնք նոր կարելիութիւններ կ՚ընձեռեն տարածաշրջանին համար։

“Հայաստան «Խաղաղութեան խաչմերուկ»-ի միջոցով կրնայ կապուիլ եւ կապել այլ երկիրներ հիւսիս-հարաւ եւ արեւելք-արեւմուտք առանցքներով”,– աւելցուցած է ան։

Վարչապետը նաեւ յայտարարած է, որ Հայաստան նոյն պատրաստակամութիւնը կը ցուցաբերէ Հայաստան-Թուրքիա երկաթուղին բանալու ուղղութեամբ, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Թուրքիա անցեալին գոյութիւն ունեցած երկու կառուղիները վերակառուցելու եւ վերաբանալու առումով։