Յունիս 25-ին, Հայաստանի դեսպանութեան յարկին տակ տեղի ունեցաւ «Հայկական պատմամշակութային ժառանգութիւնը» (« Le Patrimoine des Arméniens ») խորագիրը կրող հատորին շնորհահանդէսը։
Ֆրանսայի Մշակոյթի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ հրատարակուած սոյն ժողովածուն կ՚ամփոփէ 2023 Դեկտեմբեր 19-ին Ֆրանսայի պատմամշակութային ժառանգութեան հիմնարկին (INP) մէջ ընթացած նոյնանուն խորագիրը կրող գիտաժողովին զեկոյցները։
Գիրքին մէջ ներկայացուած են գիտաժողովի մասնակից, Ֆրանսայի նշանաւոր կառոյցներու՝ Լուվրի, Ազգային երկրագիտութեան թանգարաններու, Շայոյի պատմութեան եւ հնագոյն յուշարձաններու պահպանութեան բարձրագոյն կրթութեան կեդրոնի, Արեւելքի քրիստոնեաներ (l’Oeuvre d’Orient) կազմակերպութեան, Թումօ ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոնի, Հայաստանի մէջ հաստատուած «ReSchool» նախաձեռնութեան ներկայացուցիչներուն զեկոյցները։
Ժողովածուին մէջ զեկոյցներու ընդմէջէն ներկայացուած են ֆրանքեւհայկական մշակութային համագործակցութեան մարզին մէջ իրականացուող կարեւոր նախաձեռնութիւնները, Արցախի՝ վտանգի տակ գտնուող պատմամշակութային հարուստ ժառանգութեան եւ անոր միտումնաւոր ոչնչացման ու խեղաթիւրման ուղղուած ազերպայճանական քաղաքականութիւնը, ինչպէս նաեւ ժամանակակից արհեստագիտութիւններու կիրարկումով անհետացման եզրին գտնուող հայկական ժառանգութեան պահպանութեան ուղղութեամբ իրագործուող ծրագրերը:
Տիկին Տոլմաջեան իր ելոյթին երախտագիտութիւն յայտնեց Ֆրանսայի Մշակոյթի նախարարութեան, մասնաւորապէս՝ Համաշխարհային ժառանգութեան առաքելութեան ղեկավար Պրիւնօ Ֆավելին՝ 2023 Դեկտեմբերին հայկական մշակութային ժառանգութեան նուիրուած գիտաժողովին նախաձեռնելուն եւ հոն ներկայացուած զեկոյցները ամփոփող ժողովածուն հրատարակելուն համար։
Շնորհահանդէսին ներկայ էին Ծերակոյտի փոխնախագահ Փիէր Ուզուլիաս, Ազգային երկրագիտութեան եւ Ֆրանսայի հայկական թանգարաններու տնօրէնները, ֆրանսական մշակութային կառոյցներու ներկայացուցիչները։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։