Search
Close this search box.

ՓԱՐԻԶ – «Հեքիաթ եւ երաժշտութիւն» – հեքիաթասացութեան ցերեկոյթ – Անուշ Տօնապետեան-Գրիգորեան եւ Սոնիա Գոսքաս

Կիրակի, Մա­յիս 26-ին, Փա­րիզի Երաժշտու­թեան թան­գա­րանի յար­կին տակ (Musée de la musique)՝ «Հե­քիաթը թան­գա­րանի մէջ» ծրագ­րի ծի­րէն ներս տե­ղի ու­նե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի «Հե­քիաթ եւ երաժշտու­թիւն» խո­րագ­րեալ հեքիաթա­սացու­թեան ցե­րեկոյ­թը նուիրուած՝ հայ­կա­կան հե­քիաթ­նե­րու, ուղղուած հինգ տա­րեկա­նէն վեր երե­խանե­րու հա­մար։ Ներ­կա­յացու­մի հե­ղինակ­ներն էին՝ Սո­նիա Գոս­քաս իբ­րեւ հե­քիաթա­սաց եւ Անուշ Տօ­նապե­տեան-Գրի­գորեան՝ երա­ժիշտ-քա­ման­չա­հար։

Երե­խանե­րու նուիրուած հե­քիաթա­յին երե­կոյթնե­րը հա­զուա­գիւտ են հայ­կա­կան մշա­կու­թա­յին կեան­քին մէջ։ Ու­րա­խալի նա­խաձեռ­նութիւն մըն էր Երաժշտու­թեան թան­գա­րանի սոյն ծրա­գիրը, նաեւ հա­ճելի՝ նկա­տի ու­նե­նալով հրամ­ցուած հե­քիաթա­յին աշ­խա­տան­քին զգա­յուն որա­կը։

Ձեռ­նարկը հայ­կա­կան աշ­խարհ ճամ­բորդե­լու հրա­ւէր մըն էր՝ հե­քիաթ­նե­րու մի­ջոցով։ Պատ­մուեցան երեք պատ­մութիւններ՝ Յով­հաննէս Թու­մա­նեանի «Ան­յաղթ աք­լո­րը»-ն ու «Ան­խելք մար­դը», եւ Ֆրե­տերիք Մաք­լէ­րի «Ոս­կէ ձու­կը» («Հայ­կա­կան հե­քիաթ­ներ» հա­տորէն, 1905)։ Սո­նիա Գոս­քա­սի պա­տու­մին մերթ ընդ մերթ կ՚ըն­կե­րանար Անուշ Տօ­նա­պե­տեան-Գրի­գորեանի քա­մանչան ու եր­գը։ Ձայ­նի ու խօս­քի հա­մադ­րումի գե­ղեցիկ պա­հեր, որոնք գրա­ւեցին երե­խանե­րուն ու­շադրու­թիւնը եւ փո­խադ­րե­ցին դա­րերու ըն­թացքին հա­սունցած ճշմար­տութիւննե­րու հե­քիաթաշ­խարհը։

Թ. Շ. ■