Search
Close this search box.

ՓԱՐԻԶ – Վերապատուելի Սամուէլ Սահակեանին շնորհուած է «Բարեկամութեան շքանշան»-ը

Յունուար 17-ին, Հայաստանի դեսպանուհի Յասմիկ Տոլմաջեան «Ֆրանսա-Հայաստան՝ աւետարանական զօրակցութիւն» (SPFA – Solidarité Protestante France-Arménie) բարեսիրական կազմակերպութեան հիմնադիր եւ պատուոյ նախագահ, վերապատուելի Սամուէլ Սահակեանին յանձնած է նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի հրամանագրով վերջինիս շնորհուած «Բարեկամութեան շքանշանը»։ Մեծարեալը այս շքանշանին արժանի նկատուած է ֆրանքեւհայկական բարեկամական կապերու ամրապնդման եւ զարգացման ի նպաստ իր երկարամեայ անխոնջ գործունէութեան համար։

Դեսպանը իր ելոյթին երախտագիտութիւն յայտնած է վերապատուելի Սահակեանին՝ 1988-ի աւերիչ երկրաշարժէն անմիջապէս յետոյ Հայաստանի մէջ ծաւալած մարդասիրական նշանակալից աշխատանքներուն, շուրջ երեք տասնամեակ շարունակաբար Հայաստանի ու Արցախի մէջ իրականացուցած մշակութային, կրթական, առողջապահական բազմաթիւ ծրագրերուն համար։ Ան ընդգծած է նաեւ ֆրանսախօսութեան տարածման ի խնդիր Վերապատուելիին ներդրումը Հայաստանի տարբեր քաղաքներուն մէջ ֆրանսախօս երիտասարդներու ակումբներու հիմնադրման, ամէնամեայ մշակութային ճամբորդութիւններու կազմակերպման միջոցով։ 

Տիկին Տոլմաջեան յատկապէս շեշտած է վերապատուելի Սահակեանի նախաձեռնութեամբ Ֆրանսայի Աւետարանական եւ Կաթողիկէ եկեղեցիներու ներկայացուցիչներէն կազմուած միջեկեղեցական երկու մեծ պատուիրակութիւններու Հայաստան կատարած այցելութիւնները՝ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ հետ սերտ համագործակցութեամբ։

Շքանշանի տուչութեան հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ եղած են Արցախի ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեան, Հայ Աւետարանչական եկեղեցւոյ առաջնորդ վերապատուելի Ժոէլ Միքայէլեան, Լիոնի Կաթոլիկ համալսարանի հայագիտութեան ամպիոնի վարիչ վերապատուելի դոկտոր Ռընէ Լեւոնեան, «Յոյս Հայաստանի համար» կազմակերպութեան հիմնադիր-անդամ, Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ վերապատուելի Ժիլպէռ Լեւոնեան, SPFA-ի նախագահ Ջանիկ Մանիսեան, կազմակերպութեան անդամներ, գործընկերներ, հայ համայնքի ներկայացուցիչներ։