Search
Close this search box.

ՓՈՐԹՈՒԿԱԼ – ԼԻԶՊՈՆ – «Հայերը եւ Երուսաղէմը».  ցուցահանդէս նուիրուած Սաղիմահայութեան եւ Երուսաղէմի «Կիւլպէնկեան» մատենադարանին

2023 թուակա­նին Փա­րիզի մէջ ի յայտ եկած Երու­սա­ղէմի «Կիւլպէն­կեան» մա­տեն­դա­րանի կա­ռուցման վե­րաբե­րող ար­խիւնե­րը մեկ­նա­կէտը հանդիսացան ցու­ցա­հան­դէ­սի մը, որ կ՚անդրա­դառ­նայ հա­յերու եւ Երու­սա­ղէմի մի­ջեւ եղած սերտ կա­պին, ինչպէս նաեւ Գա­լուստ Սար­գիս Կիւլպէն­կեանի Սուրբ քա­ղաքին հետ անձնա­կան կա­պին։ 

Լիզ­պո­նի Հայ­կա­կան հա­մայնքնե­րու վար­չութիւ­նը եւ «Կիւլպէն­կեան» արուես­տի գրա­դարա­նը եւ Ար­խի­ւը միասնաբար կազ­մա­կեր­պած են «Հա­յերը եւ Երու­սա­ղէմը» խո­րագի­րով ցու­ցա­հան­դէս մը, որ կը ներ­կա­յաց­նէ սփիւռքի առա­ջին եւ ամե­նահին հայ­կա­կան հա­մայնքի հա­զարա­մեայ պատ­մութիւ­նը։ Երու­սա­ղէմի հայ­կա­կան թա­ղամա­սը Հին քա­ղաքի չորս թա­ղամա­սերէն մէկն է՝ ան­զուգա­կան կրօ­նական եւ մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գութեան տու­նը։ 

Ցու­ցա­հան­դէ­սին ներ­կա­յացուած է նո­րայայտ փաս­տա­թուղթե­րէն ընտրա­նի մը՝ Կիւլպէն­կեանի եւ ժա­մանա­կի պատ­րիարքնե­րու նա­մակագ­րութեանց, եկե­ղեց­ւոյ կրօ­նական իրեր, Երու­սա­ղէմէն փո­խառուած հա­զուա­գիւտ եւ եզա­կի յախ­ճա­պակեայ կտոր­ներ, ինչպէս նաեւ Երու­սա­ղէմի Հա­յոց պատ­րիար­քութե­նէն փո­խառուած Սրբոց Յա­կոբեանց մայր տա­ճարի՝ Սուրբ Գլխադ­րի մատ­ռան 18-րդ դա­րու ասեղ­նա­գործ վա­րագոյր մը Նա­խիջե­ւանէն, որ Լիզ­պոն փո­խադ­րեց եւ ցու­ցա­հան­դէ­սի բաց­ման արա­րողու­թեան ներ­կայ գտնուեցաւ Երու­սա­ղէմի Հա­յոց պատ­րիար­քութեան «Հե­լէն եւ Էտուարտ Մար­տի­կեան թան­գա­րան»-ի տե­սուչ՝ Ար­շակ աբղյ Ղա­զարեան։

Գա­լուստ Սար­գիս Կիւլպէն­կեան մշտա­պէս ամուր հո­գեւոր կապ ու­նե­ցած է Սուրբ քա­ղաքին հետ եւ զգա­լի բա­րեսիրա­կան ծրա­գրեր իրա­գոր­ծած է Սուրբ Աթո­ռէն ներս, մին­չեւ իսկ իր ծնող­նե­րու՝ Սար­գիս եւ Տի­րու­հի Կիւլպէն­կեան­ի յի­շատա­կին կա­ռու­ցած է «Կիւլպէն­կեան» մա­տենա­դարա­նը։ «Գա­լուստ Կիւլպէն­կեան» հիմ­նարկութիւնը կը շա­րու­նա­կէ իր հիմ­նադրին աւան­դութիւնը՝ աջակ­ցե­լով Երու­սա­ղէմի «Կիւլպէն­կեան» մա­տենա­դարա­նին եւ Հա­յոց պատ­րիար­քութեան։ 

Ցու­ցա­հան­դէ­սի բա­ցու­մը տե­ղի ու­նե­ցաւ 2024 Յու­նիս 20-ին Լիզպոն եւ պի­տի շա­րու­նա­կուի մին­չեւ Սեպ­տեմբեր 22, «Գա­լուստ Կիւլպէն­կեան» հիմ­նարկութեան Արուես­տի գրա­դարա­նի «Աթրիու­մ»-ին մէջ։ ■